Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկախութենէ Հրաժարո՞ւմ

September 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿ ՊԱԹԹԱԼԵԱՆ

Վերջերս հայկական որոշ շրջանակներու մէջ կը տարածուի այսպիսի խորթ թեզ մը. «Եթէ Հայաստանը անկարող է իր քաղաքական որոշումները ազատօրէն կայացնելու, հողատարածքը պաշտպանելու, անվտանգութիւն ու կայունութիւն երաշխաւորելու, բարօր ու բարգաւաճ կեանքի պայմաններ ապահովելու, կարճ ըսելով` ինքզինք յաջողապէս կառավարելու, ապա ինչո՞ւ մեզ պէտք է այս ձեւական անկախութիւնը, ինչո՞ւ այլ կողմերու չյանձնենք այն պատասխանատուութիւնները, որոնք մենք հերթականօրէն ձախողած ենք պէտք եղած ձեւով վերցնելու, թերեւս անոնք մեզմէ աւելի յաջող գտնուին, եւ մեր շահերը օտարներու ձեռքով ապահովուին»:

Յիշեալ դրոյթին հիմնական գաղափարն է հրաժարումը անկախութենէն` փոխարինելով զայն այլ երկրի մը հովանիին տակ կիսանկախ իրավիճակով, ի մասնաւորի` Ռուսիոյ հովանիին ներքեւ: Թեզը աւելի զօրացնելու նպատակով համեմատութիւններ ալ կ՛օգտագործուին խորհրդային եւ ներկայ Հայաստաններուն միջեւ: Իրականութիւն է` խորհրդային Հայաստանը (ի մասնաւորի` 1970-1990 թուականներուն) տնտեսութեամբ, մշակոյթով, բնակչութեամբ, քաղաքական կայունութեամբ ու անվտանգութեամբ կը գերազանցէ ներկայ Հայաստանին ամէն տեսակէտով ու իմաստով, բայց արդեօք ատիկա կ՛արդարացնէ՞ կամովին անկախազրկութիւնը:

Նախ եւ առաջ պէտք է անդրադառնալ քանի մը քաղաքական երեւոյթներու ու իրականութիւններու, ապա կարելի է պատասխանել վերոյիշեալ հարցադրումին:

Ա.- Ժամանակակից քաղաքական միտքին մէջ կան ուղղութիւններ, որոնք կատարեալ անկախութիւն-ազատութիւնը եւ ազգային պետականութիւն ունենալը անհրաժեշտութիւններ չեն նկատեր, նոյնպէս, օտարի լուծն ու հեղինակութիւնը կատարեալ չարիք չեն տեսներ, այլ երբեմն միջոց` տարբեր ձեռքբերումներու, սակայն, եթէ աշխարհի վրայ կան 3 պետութիւններ, որոնք օտարի ներկայութենէն լաւապէս օգտուած են (յարաբերաբար վնասէն), դիմացը կան 30 երկիրներ, որոնք մէկի դիմաց 10 տուժած են. այնպէս որ, օտարին ներկայութիւնը կամ հովանաւորութիւնը ընդհանուրին մէջ չարիք է, իսկ հազուադէպօրէն` բարիք:

Բ.- Արդի միջազգային յարաբերութեանց մէջ, ոչ մէկ փոքր եւ միջին պետութիւն կը վայելէ կատարեալ ինքնիշխանութիւն: Անոնք տարբեր տնտեսական, քաղաքական, ռազմական եւ անվտանգութեան կապուածութիւններու պատճառով կաշկանդուած են ազատ որոշումներ տալու եւ ինքնուրոյն տնօրինումներ կատարելու առումով: Այս կախուածութեամբ հանդերձ, կայ որոշ ճկունութիւն, նաեւ` ազատ շարժելու կարողութիւն, որուն սահմանը կը նեղնայ կամ կը լայննայ երկրէ երկիր, ժամանակէ ժամանակ: Այս մէկն ալ կախում ունի իւրաքանչիւր երկրի պայմաններէն ու իշխանաւորներու կարողութիւններէն: Իրապաշտօրէն խօսելով` ներկայ աշխարհին մէջ չկան կատարելապէս անկախութիւն վայելող պետութիւններ (բացառութեամբ գերպետութիւններէն):

Գ.- Չէ պատահած արդի պատմութեան մէջ, որ երկիր մը, որքան ալ` տկար ու թշուառ, հրաժարի իր լիարժէք անկախութենէն: Պատահած են օտարի ազդեցութիւնն ու ներկայութիւնը ընդունողներ, շատ անգամ` նոյնիսկ պետութեան գերագոյն պարտականութիւնները յանձնողներ (անվտանգութեան ու պաշտպանութեան գծով` ի մասնաւորի), բայց ոչ ինքնազրկում` անկախ պետութեան կոչումէն: Այնպէս որ, այս թեզը եւ անոր մաս կազմող միտքերու շարանը աննախադէպ են քաղաքական միտքի եւ գործի մարզերուն մէջ:

Հիմա ի՞նչ պէտք է հասկնալ, անկախութենէ ինքնազրկումը խորամանկութի՞ւն է, պարտազանցութի՞ւն, թէ՞ դաւաճանութիւն: Խելագարութիւն է, որովհետեւ նախ եւ առաջ անիկա յուսալքութեան ու անհաւատութեան հետեւանք է եւ ոչ թէ` լուրջ մտածողութեան ու գիտակցութեան, իսկ եթէ զարտուղի որոշ տրամաբանութեան հետեւանք է, այն պարագային ուղղակի ստրկութեան մարմնացում է:

Ամէն ինչէ վեր, անկախ պետութիւնը բացարձակ արժէք է, պատուաբեր հանգամանք, որ կը պատկանի ոչ միայն ներկայ հայ ազգի զաւակներուն, այլ նաեւ` մեր նախահայրերուն եւ յառաջիկայ սերունդներուն: Դժբախտաբար շատեր չեն գիտակցիր այս իրականութեան` կարծելով, որ իրենցմով կը սկսի ու կ՛աւարտի ազգի ու պետութեան բախտն ու ճակատագիրը. այդպէս չէ եւ երբեք ալ չէ եղած: Եթէ մեր ձախողութիւններով նուաստացուցինք Հայաստանն ու Արցախը, այդ երբեք չի նշանակեր, որ մեզի յաջորդողներէն խլենք դարձեալ հզօրանալու հիմնական նախապայմանը` անկախ պետականութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Լուռ Են Հայոց Սրբազան Լեռները (21 Սեպտեմբեր 1991)

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա-1». Վերսթափենի Մրցանշային Յաղթարշաւը Աւարտեցաւ

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին

October 13, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.