«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 2023 տարեշրջանի Սինկափուրի կրան փրին աւարտեցաւ «Ֆեռարի»-ի սպանացի վարորդ Քարլոս Սայնցի յաղթանակով, որ ժամանման գիծ հասաւ, արձանագրելով 1 ժամ 46′ 37” արդիւնք մը:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց «Մաքլարըն»-ի ներկայացուցիչ, անգլիացի Լենտօ Նորիս (0” 812 ուշ), մինչ երրորդ հանդիսացաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն (1” 269 ուշ):
«Ֆորմիւլա-1»-ի գործող ախոյեան եւ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող նետերլանտցի Մաքս Վերսթափեն գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Աւստրիական «Ռետ Պուլ»-ի 25 տարեկան Վերսթափենի տասը յաղթականէ բաղկացած մրցանշային շարքը այսպիսով հասաւ իր աւարտին: