Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներէն Եւ Ռուսիայէն Ետք Չինաստան Եւս Անանի Առաքելութեան Կը Զօրակցի Սուրիա Ընդունեց Անանի Ծրագիրը

March 28, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անան եւ Ժիափաօ

Սէուլի մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ ներկայացուցիչ Քոֆի Անանի ծրագիրին զօրակցելու շուրջ գոյացած համաձայնութենէն մէկ օր ետք, երէկ Չինաստան եւս իր զօրակցութիւնը յայտնեց այդ ծրագիրին, իսկ Սուրիա ծրագիրը ընդունեց:

Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի յայտարարեց, որ Սուրիա Անանի առաջարկած վեց կէտերէ բաղկացած ծրագիրը ընդունած է: Անան նշեց, որ Սուրիոյ կողմէ լուծումի ծրագիրին ընդունումը կարեւոր քայլ է, սակայն աւելի կարեւորը անոր գործադրութիւնն է:

Չինաստան «Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն» կոչ ուղղեց Անանի կատարած «միջնորդութեան ջանքերուն մասնակցելու»: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոնկ Լի յայտնեց, որ «կը յուսանք, որ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերը կարենան մասնակցիլ Սուրիոյ կացութեան քաղաքական լուծումի պայմաններու ապահովման համար Անանի կատարած միջնորդութեան ջանքերուն»:

Ան աւելցուց, որ Չինաստան «կ՛ուզէ միջազգային խմբակին հետ աշխատիլ սուրիական հարցին խաղաղ եւ պատշաճ լուծումի նպատակով շինիչ դերակատարութիւն ունենալու համար»:

Անան Փեքինի մէջ Չինաստանի վարչապետ Ուին Ժիափաոյի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց,  որ Սուրիոյ տագնապի լուծման համար Չինաստանի «օգնութեան» պէտք ունի: «Չեմ կրնար այս աշխատանքը առանձինս կատարել, օգնութեան եւ զօրակցութեան կարիքը ունիմ, ինչպէս նաեւ ձեր պետութեան նման երկիրներու աջակցութեան եւ խրատներուն, եւ այդ պատճառով հոս կը գտնուիմ»:

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ  շեշտեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը սուրիական տագնապը պիտի չլուծէ»` նշելով, որ «միայն սուրիացի ժողովուրդն է, որ Սուրիոյ ճակատագիրը պիտի վճռէ եւ ոչ թէ օտար երկիրներու ղեկավարները: Ան ընդգծեց, որ Անանի առաքելութիւնը «Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի առաջքը առնելու վերջին առիթն է»: Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ «սուրիական կառավարութեան գործած մեծ եւ իրերայաջորդ սխալները երկիրը ներկայ վտանգաւոր հանգրուանին հասցուցին»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը երէկ յայտնեց, որ Ռուսիա Թուրքիոյ մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին պիտի չմասնակցի` հակառակ հրաւէր ստանալուն, եւ այդ խորհրդաժողովը Անանի առաքելութեան հակասող նկատեց: Խորհրդաժողովին «մասնակիցները չեն ջանար սուրիական ներքին երկխօսութեան նպաստել կամ տագնապը կասեցնել, այլ ընդհակառակն` արտաքին միջամտութեան մը ճամբան կը հարթեն»:

Մինչ այդ, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ասատ երէկ այցելած է Հոմսի Պապա Ամրօ շրջանը, ուր սուրիական բանակին եւ Սուրիական ազատ բանակին միջեւ վերջերս բուռն բախումներ տեղի ունեցած էին:

Միւս կողմէ, թուրք պաշտօնատար մը թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնեց, որ եթէ սուրիական ընդդիմութիւնը Պոլսոյ մէջ իր ժողովին ընթացքին «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովէն առաջ սահմանադրութեան պատկերացումի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնէ Սուրիոյ ազգային խորհուրդը իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի միակ օրինական ներկայացուցիչ կրնայ ճանչցուիլ, այլապէս «սուրիական ընդդիմութեան դժուար պիտի ըլլայ միջազգային զօրակցութիւն ստանալ, եթէ չյաջողի իր շարքերը միացնել»:

Աղբիւրը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ կայունութիւնը կախեալ է ժողովրդավարական սահմանադրութենէ մը, որ կը պատշաճի երկրին բազմամշակոյթ տարրերէ կազմուածքին, եւ կրօնական ու ազգային տարբեր խմբաւորումները կրնան սահմանադրութեան երաշխիքին շուքին համակեցութեամբ ապրիլ:

Թրքական պաշտօնական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Թուրքիա պիտի չընդունի, որ իր հիւրընկալած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը ձախողի: Ան ըսաւ, որ Անգարա սուրիական ընդդիմութիւնը կը քաջալերէ իրարու միանալու եւ խորհրդաժողովին մէկ կեցուածքով ներկայանալու` նշելով, որ իր երկիրը ընդդիմութեան միասնականութիւնը սուրիական տագնապի լուծման պարտադիր մուտքը կը նկատէ: Աղբիւրը շեշտեց, որ Անգարա կը ջանայ միջազգային ընտանիքը մղել իր պարտականութիւններուն տէր կանգնելու եւ տագնապի լուծման համար գործնական որոշումներ որդեգրելու:

Սուրիական «Սաուրա» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութեան ներկայացած թեկնածուներուն թիւը 2691 է, որոնցմէ 329-ը` կիներ:

 

Նախորդը

«Եւրոյի Գօտիէն Յունաստանի Դուրս Գալը Աղէտալի Պիտի Ըլլայ» Կ՛Ըսէ Մերքել

Յաջորդը

Ըստ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչի Եահկ-Ի Մինսքի Խմբակի Ձեւաչափը Ինքզինք Չէ Սպառած

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.