Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ կան խումբեր, որոնք կ՛ուզեն «թունաւորել» թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, Անգարան անոնց առջեւ պատնէշ պիտի դնէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Էրտողան խօսք արտասանած է Նիւ Եորքի մէջ թուրք-ամերիկեան ազգային ղեկավարող կեդրոնին կազմակերպած ընթրիքին ժամանակ:
«Սեփական ինքնատիպութիւնը պահպանելով այստեղ` դուք (Միացեալ Նահանգներ ապրող թուրքերը) կամուրջ կը նետէք մարդոց միջեւ` ամերիկացիները ծանօթացնելով մեր մշակոյթին:
«Դէպի յաղթանակ ճամբան կ՛անցնի միասնութեան, համերաշխութեան մէջէն: Կան շահերու խմբակներ, որոնք կ՛ուզեն թունաւորել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները: Մենք պատնէշ պիտի դնենք անոնց առջեւ», ըսած է Էրտողան:


