Յառաջիկայ ամիսներուն թրքական կողմը պիտի սկսի Զանգեզուրի միջանցքի բացման աշխատանքին: ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին Պոլսոյ մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան Բազմապիսի փոխադրութեան եւ գումակային համախմբումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու:
Ան նշած է, որ ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ այդ ուղղութեամբ աշխատիլ: «Մենք Զանգեզուրի միջանցքի հարցին մէջ որոշակի ճամբայ յաղթահարած ենք, եւ կը հաւատամ, որ կարճ ժամանակէն Ազրպէյճանը, Թուրքիան եւ Հայաստանը շուտով պիտի իրականացնեն զայն», ընդգծած է նախարարը:


