Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տըրիան Վերադարձաւ Լիբանան` Ամբողջացնելու Համար Իր Առաքելութիւնը

September 13, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ հասաւ Պէյրութ, ուր ան այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, որոնց շարքին` նախագահական ընտրութիւն կայացնելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի շեշտեց, որ իր եւ Լը Տըրիանի մօտեցումները նոյնն են, այն իմաստով, որ երկուքն ալ համոզուած են, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապին լուծման եւ նախագահական ընտրութեան միակ միջոցը երկխօսութիւնն է: «Երկխօսութիւնն է առկայ միակ միջոցը` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը», ըսաւ Պըրրի:

Լը Տըրիան այցելեց նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Միքաթի յայտնեց, որ երկիրը յուզող ներկայ տագնապին լուծումը կը սկսի Լիբանանին հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութեամբ, ինչպէս նաեւ տնտեսական բարեկարգումներու գործադրութեամբ, յատկապէս` անոնք, որոնք կը գտնուին խորհրդարանին մէջ:

Միքաթի հաստատեց, որ այս բոլորը կարեւոր են Լիբանանի ապաքինումին համար:

Լը Տըրիան իր կարգին շեշտեց, որ Լիբանան վերադարձած է` ամբողջացնելու համար իր սկսած առաքելութիւնը:

Ֆրանսացի պատուիրակը յոյս յայտնեց, որ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը ըլլայ տագնապի լուծման սկիզբը:

Լը Տըրիան այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան բանակին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու ու պաղեստինցի գաղթականներու թղթածրարները:

Լը Տըրիան շեշտեց, որ Ֆրանսա կը շարունակէ լիբանանեան բանակին իր զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը` հզօրացնելու համար իր կարողութիւնները եւ գործադրելու համար տարբեր պարտականութիւններ:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2024-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծը

Յաջորդը

«Պաքուն Համաձայնած Է Լաչինի Եւ Աղտամի Ճամբաներու Միաժամանակեայ Օգտագործման» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.