Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 28 մարտ 1962 )

March 28, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրազիլահայ Կեանք

Հայ Մը Կուսակալ Պրազիլի Մէջ

Մաքս Պարոնեան Ս. Փաւլոյէն կը գրէ մարտ 10 թուականով.-

Պրազիլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայ մը արժանացած է կուսակալի տիտղոսին:

Հրանդ Սանազար իր երիտասարդ տարիքէն արդէն նետուած է այս ասպարէզին մէջ, նախքան կուսակալ ընտրուիլը` քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած էր: Ան ծնած է Ուզասկօ գաւառը: Շատ սիրուած իր ժողովուրդէն, մեծամասնութիւն շահելով իր հակառակորդներուն դէմ, քուէներու մեծ տարբերութեամբ տոքթ. Հրանդ շահեցաւ կուսակալութիւնը:

Տոքթ. Հ. Սանազար շատ սիրուած է նաեւ Ս. Փաւլոյի հայ գաղութէն` իր հեզ բնաւորութեամբ եւ ուշիմութեամբ: Ան է, որ երբ արտասահմանէն ծանօթ հայ անձնաւորութիւն մը գայ, կը ներկայացնէ կառավարական մեծ պաշտօնեաներուն:

Եւ յաճախ իր բարոյական օժանդակութիւնը կը բերէ հայ գաղութիս: Տոքթ. Հ. Սանազար աւարտած է իրաւաբանական համալսարանը: Նոյնպէս լաւ կը խօսի հայ լեզուն:

Քանի մը հայկական գիրքեր թարգմանեց փորթուգալերէնի:

* * *

Այս տարի Ս. Փաւլոյի հայկական վարժարանը յաջողեցաւ երեք դասարան եւս աւելցնել եւ բարձրագոյն վարժարան դարձաւ:

Նոյնպէս առին երկու օթոպիւս, որպէսզի բոլոր պզտիկները կարենան յաճախել հայ վարժարան:

Քանի մը ամիսէ ի վեր քաղաքս կը գտնուի ծանօթ երգիչ Արմէն Կիրակ, որ կը պատրաստէ նոր երգապնակներ:

 

Պաշտօնական Զեկոյց Պոլսոյ Պատրիարքարանի

Թուրք Գործավարները Հաւաստիքներ
Տուած
Են Համայնքային Գործերու
Օրինաւոր
Մատակարարութեան Համար

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը ընդարձակ զեկոյց մը հրատարակած է պատրիարքին Անգարա այցելութեան, ունեցած շփումներուն, այցելութեանց եւ վերադարձին առթիւ: Կը քաղենք հետեւեալ մասերը.

Իր այցելութեանց ընթացքին պատրիարք հայրը առիթ ունեցաւ պետական աւագանիին յայտնելու իր շնորհակալութիւնները այն  դիւրութիւններուն համար, որոնք ընծայուեցան իր ընտրութեան եւ թուրք հայրենակցութեան մէջ վերահաստատուելու առիթով: Յայտնեց իր եւ համայնքին յարգանքը պետական աւագանիին եւ հաւաստիացուց հայ համայնքին անխախտ կապը հայրենիքին եւ անվերապահ ճիգը անոր վերելքին եւ բարգաւաճման համար:

Պատրիարք հայրը խորապէս զգացուեցաւ պետութեան ղեկավարներուն ցոյց տուած ջերմ եւ շատ սիրալիր ընդունելութիւններէն: Մեծապէս տպաւորուեցաւ անոնց ազատամիտ եւ ժողովրդավար սկզբունքներու վրայ հիմնուած գեղեցիկ արտայայտութիւններէն եւ մարդկայնական բարձր տեսութիւններէն: Ամէնքն ալ առհասարակ շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը` հայրենիքի բոլոր տարրերուն մէջ համերաշխութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրական ոգիի տիրապետումին:

Պատրիարքը մասնաւոր գոհունակութեամբ լեցուեցաւ վստահութեան եւ գնահատանքի այն  հաւաստումներուն համար, որոնք կատարուեցան հայ հայրենակիցներու հանդէպ, որոնք միւս հայրենակիցներուն կողքին, հաւասար պարտականութիւններով եւ հաւասար իրաւունքներով կ՛ապրին այս երկրին մէջ` իբրեւ պարկեշտ, շինարար եւ քաղաքացիական գիտակցութեամբ  օժտուած հայրենակիցներ:

Նորին ամենապատուութիւնը մեծապէս բաւարարուեցաւ եւ շնորհապարտ զգացումներով դիմաւորեց մեր համայնքային հարցերով շահագրգռուող բոլոր մեծարգոյ գործավարներուն այն անկեղծ հաւաստիքները, որոնց համաձայն, շուտով պիտի ձեռնարկուի օրինական միջոցներու` կարելի դարձնելու համար համայնքային գործոց համադրուած եւ հակակշռուած մատակարարութիւնը պատրիարք հօր շուրջ համապատասխան մարմնի մը կազմութեամբ: Այսու վերջ պիտի տրուի համայնքային մեր գործոց անորոշ  կացութեան, եւ պիտի փարատի այն մտահոգութիւնը, որ կը տիրէր համայնքին մէջ:

Նախորդը

Պաղըշ Մինսքի Խմբակի Գործունէութենէն Կը Դժգոհի

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Թեմերուն Փոխանցումը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Քէմփերուն Պարպումը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.