Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արագօրէն վատթարացող մարդասիրական կացութեամբ: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնելով, որ մարդասիրական օգնութիւններով բեռնաւորուած բեռնակառքերը կը գտնուին թէ՛ Բերձորի, թէ՛ Ակնայի ճամբաներուն մօտ, Ուաշինկթըն կոչ ուղղած է անյապաղ ու միաժամանակ բանալու երկու միջանցքները` թոյլ տալու համար անհրաժեշտ մարդասիրական մատակարարումները հասցնելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան:
«Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք ղեկավարներուն` չձեռնարկելու որեւէ քայլի, որ լարուածութիւնը կը բարձրացնէ կամ կը շեղի այս նպատակէն: Վէճերը լուծելու համար ուժի կիրարկումը անընդունելի է», յայտնած է Պլինքըն:
Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ջանքերուն` ուղղակի երկխօսութեան միջոցով լուծելու չլուծուած խնդիրները` նպատակ ունենալով հասնիլ արժանապատիւ ու կայուն խաղաղութեան:
«Մենք կը կրկնենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղ համաձայնագիր պէտք է պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը: Մենք նաեւ կը խրախուսենք երկխօսութիւնը Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն միջեւ:
«Միացեալ Նահանգներ նաեւ կը վերահաստատեն յառաջընթացի միակ ուղին` խաղաղութիւնը, երկխօսութիւնն ու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը` իրարու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ», նշուած է Պլինքընի յայտարարութեան մէջ:


