Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2023-ին վերսկսած զինեալ բախումները շարունակուեցան ամբողջ շաբաթավերջին` ստանալով բուռն թափ:
Հըթթին, Թաուարէ, Պրաքսաթ եւ Պուսթան Քուտս, Ժապալ Հալիպ թաղամասերուն մէջ արձանագրուեցան բուռն զինեալ բախումներ` Ֆաթհ շարժումի եւ իսլամական խմբաւորումներու զինեալներուն միջեւ:
Բախումներուն ընթացքին օգտագործուեցան գնդացիրներ եւ նռնականետեր:
Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած ռմբակոծումին եւ կրակոցներուն պատճառով ռումբերուն բեկորներն ու փամփուշտները հասան Սայտա, պատճառելով վիրաւորներ եւ ապահովական ապակայունութեան մթնոլորտ:
Երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այն Հելուէէն արձակուած ռումբ մը թիրախ դարձուց Թաամիրի վրայ գտնուող լիբանանեան բանակի անցակէտը` պատճառելով զոհ մը եւ երկու վիրաւորներ` լիբանանեան բանակին շարքերուն մէջ:
Բանակը հակադարձեց իր անցակէտը թիրախ դարձուցած կողմին:
Նշենք, որ շաբաթ առաւօտեան վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Այն Հելուէի բախումները` ընդգծելով զինեալ բախումները զսպելու անհրաժեշտութիւնը:
Միքաթի շեշտեց, որ Այն Հելուէի մէջ տիրող կացութիւնը բնաւ չի ծառայեր պաղեստինեան դատին լուծման, ինչպէս նաեւ վնաս կը հասցնէ լիբանանեան պետութեան եւ յատկապէս Սայտային, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր կը հիւրընկալէ պաղեստինցի գաղթականները:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը իր կարգին շաբաթ առաւօտեան կոչ ուղղած էր Այն Հելուէի զինեալ բախումները անմիջապէս կասեցնելու:
Բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը Այն Հելուէի պատասխանատուները զգուշացուցած էր, թէ բախումներուն շարունակման պարագային պիտի դիմուի ապահովական խիստ միջոցառումներու, որոնք կրնան հաճելի չթուիլ անոնց համար:
Այս շրջագիծին մէջ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի պաղեստինեան խմբաւորումներն ու Լիբանանի մէջ պաղեստինեան միացեալ աշխատանքի խորհուրդը հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին` գաղթակայանին մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատումը քննարկելու համար:
Այն Հելուէէն արձակուած ռումբերը հասան Սայտայի մէջ գտնուող սերային մօտակայքը, եւ այդ պատճառով հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաու որոշեց այսօր փակ պահել Սայտայի սերայն ու պետական վարչական բոլոր գրասենեակները:
Զինեալ բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան 9 զոհեր եւ տասնեակ մը վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ եւ բնակիչներու տեղահանութիւն:
Այն Հելուէէն տեղահանուած պաղեստինցի գաղթականներուն ապաստան տալու նպատակով հիւսիսային Սայտայի մուտքին լարուեցան վրաններ, որոնց դէմ Սայտայի բնակչութեան անունով խիստ ընդվզում յայտնեց երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրի եւ պահանջեց վերջ տալ վրաններու դրութեան, ինչպէս նաեւ նման որոշումներ տալէ առաջ խորհրդակցիլ Սայտայի քաղաքական հեղինակութիւններուն հետ:
Պըզրիի ընդվզումին արագ արձագանգեց ներքին գործոց նախարարութիւնը, որ անմիջապէս վերացուց վրանները, որոնք կը միտէին ժամանակաւոր գաղթակայան մը ստեղծել Սայտայի մէջ:
Պըզրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Միքաթիի եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց Սայտայի բնակչութեան պահանջին արագ ընդառաջելու առիթով:
Այս շրջագիծին մէջ Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Այն Հելուէէն տեղահանուած գաղթականներուն ապաստան ընծայելու համար վրաններ լարելը պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքը ջնջելու նախաքայլ կը նկատուի:


