Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ռէյչըլ Թամըս իր մտահոգութիւնը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու հետապնդումներուն վերաբերեալ:
«Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը յանգեցուցած է մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային համաձայնագիրներու խախտումներու: Քանատա-Արցախ խորհրդարանական խումբը արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին եւ ազատական կառավարութիւնը կը յորդորէ Լեռնային ղարաբաղի մէջ հետապնդումնրը դադրեցնող քայլերու ձեռնարկել»», «Էսք»-ի վրայ գրած է Թամըս:


