Անընդունելի են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ հասցէին հնչող մեղադրանքները: Այս մասին Երեւանի մէջ ռուս-հայկական լրատուամիջոցներու համախմբումի մասնակիցներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ բաժանմունքի տնօրէն Մարիա Զախարովա:
«Մենք անընդունելի կը նկատենք մեր ժողովուրդներուՆ միջեւ թշնամութիւն ու ատելութիւն սերմանելու եւ Հայաստանի բոլոր դժբախտութիւններուն համար Ռուսիան մեղադրելու փորձերը: Կ՛ենթադրենք, որ ո՛չ մեզ, ո՛չ ձեզ կրնայ բաւարարել վերջին շրջանին Հայաստանի տեղեկատուական ասպարէզին մէջ ի յայտ եկած այդ յստակ միտումը», իր ուղերձին մէջ ըսած է Զախարովա: Ան նաեւ նշած է. «Ռուսիոյ կը մտահոգէ Հայաստանի մէջ արեւմտամէտ լրատուամիջոցներու թիւի աճը»:
Անոր համաձայն, Մոսկուան եւ Երեւանը տասնամեակներ շարունակ արդիւնաւէտ կերպով համագործակցած են: Ան յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մասին «միակողմանի, բացասական եւ իրականութեան չհամապատասխանող» տեղեկատուութեան տարածումը կը հակասէ երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններու աւանդական բարեկամական բնոյթին:
«Դժուարագոյն պահերուն մենք օգնած ենք եղբայրական հայ ժողովուրդին: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անձնական մասնակցութեան շնորհիւ 2020 թուականի պատերազմը դադրեցուեցաւ: Ռուսիոյ նախագահը գործադրեց բոլոր ջանքերը, որպէսզի ստորագրուի 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութիւնը, որ ամուր հիմք դարձաւ խաղաղութեան հասնելու եւ Պաքուի ու Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ հետագայ աշխատանքին համար: Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը մնայուն եւ անկեղծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ ՀԱՊԿ-ի մէջ իր դաշնակիցի ճակատագիրին նկատմամբ», ըսած է Զախարովա:
Ան նաեւ կը նշէ, որ շարք մը ռուս գործիչներ ընդգրկուած են «սեւ ցուցակ»-ի վրայ եւ չեն կրնար Հայաստան այցելել: «Մեր երկրին մէջ յառաջատար լրատուամիջոցներու կառավարիչ եւ քաղաքագէտներ հանդիսացող եւ օրէնք չխախտած ու միայն իրենց անձնական տեսակէտները յայտնած գործիչները «անցանկալի անձ» որակելու որոշումը լուրջ վնաս կը հասցնէ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համագործակցութեան», յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:


