Հայաստան Ազրպէյճանէն ոչ մէկ տարածքային պահանջ ունի եւ նոյնը կ՛ակնկալէ Ազրպէյճանէն, երէկ յայտարարեց պաշտօնական Երեւանը` արձագանգելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթէն ետք Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան:
Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին Փաշինեան խօսեցաւ Ազրպէյճանի ռազմական նոր գործողութիւններու կարելիութեան մասին: Պաքուն շտապեց հերքել` Փաշինեանի յայտարարութիւնը որակելով «քաղաքական ձեռնածութիւն»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ ընկերային ցանցերու ազրպէյճանցի օգտատէրերը եւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները իրենք հրապարակած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի մօտակայքը եւ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի երկայնքին ազրպէյճանական զօրքեր կուտակելու մասին վկայող տեղեկութիւններ, որոնք կը հաստատուին նաեւ այլ աղբիւրներու տեղեկատուութեամբ:
«Վերոյիշեալ ելոյթին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը յայտարարած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է 6 հոկտեմբեր 2022-ին Փրակայի, 31 հոկտեմբեր 2022-ին Սոչիի եւ 14 մայիս 2023-ին Պրիւքսելի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, ինչով վերահաստատուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ փոխադարձաբար մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութեան անվերապահ ճանաչումը: Հայաստանը Ազրպէյճանէն ոչ մէկ տարածքային պահանջ ունի եւ նոյնը կ՛ակնկալէ Ազրպէյճանէն, որ մինչեւ հիմա հրապարակայնօրէն չէ հաստատած իր հաւատարմութիւնը այդ պայմանաւորուածութիւններուն», նշած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Երեւանը կ՛ընդգծէ, որ Հայաստանը շահագրգռուած չէ ռազմական մագլցումով, եւ կը նշէ, որ «նախապէս առաջարկած է, հիմա ալ կ՛առաջարկէ նման վտանգները բացառելու գործիքակազմեր, որոնք մինչեւ հիմա անպատասխան մնացած են, եւ պատրաստ է քննարկելու արդիւնաւէտ այլ գործիքակազմերու ներդրումը նոյնպէս»:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է շարունակելու աշխուժ ջանքեր ներդնել ըստ կարելւոյն շուտ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանագիրի նախագիծի շուրջ աշխատանքները աւարտելու եւ զայն ստորագրելու ուղղութեամբ:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը նուիրուած է եւ կը շարունակէ հաւատարիմ ըլլալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան օրակարգին` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով պաշտօնական Պաքուի կողմէ նոյնպիսի հռետորաբանութեան եւ գործնական ազդակներու անհրաժեշտութիւնը:
«Ակնյայտ է, որ Լաչինի միջանցքի փակումը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած մարդասիրական ճգնաժամը եւ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան բացակայութիւնը` միջազգային գործիքակազմի շրջանակներուն մէջ, չի նպաստեր շրջանին մէջ մթնոլորտի բարելաւման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:


