Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Նոր Հոսքի Հարցը

September 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ ընկերային հարցերու եւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատարներ Հեքթոր Հաժժարի եւ Իսամ Շարաֆէտտինի, երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը:

Ժողովէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ յանձնախումբին գումարած ժողովը կարեւոր էր` աւելցնելով, որ քննարկուած է սուրիացի տեղահանուածներու նոր հոսքին հարցը` Սուրիոյ մէջ տիրող տնտեսական ահաւոր պայմաններուն պատճառով:

Ալամէ ընդգծեց, որ այս ժողովը հրաւիրած են` սերտելու համար յաւելեալ տուեալներ` ներկայութեամբ նախարարի պաշտօնակատարներ Հաժժարի եւ Շարաֆէտտինի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի, Ներքին ապահովութեան ուժերու եւ Ընդհանուր ապահովութեան պատասխանատու սպաներուն:

Ալամէ ընդգծեց, որ յանձնախումբը կոչ ուղղեց կառավարութեան գործադրելու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրը:

«Յանձնախումբը պահանջեց կազմել խորհուրդ մը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլայ կառավարութեան անունով բանակցիլ Սուրիոյ հետ, ապահովութեան ուժերուն քաղաքական որոշում փոխանցել` գործադրելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ համաձայնագիրները գործնականացնելու առիթներ ստեղծել` լուծելու համար այդ հարցը», ըսաւ Ալամէ:

Ան նկատել տուաւ, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը պէտք է միջազգային բոլոր ուժերուն հետ աշխատանքը աշխուժացնէ` համոզելու համար միջազգային ընտանիքը սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կատարելու անհրաժեշտութեամբ:

Ալամէ նշեց, որ իրենք պիտի ընդառաջեն ապահովութեան ուժերու հրաւէրին եւ պիտի ուղղուին Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններ` իրականութիւնը գետնի վրայ ստուգելու համար:

Ան ընդգծեց, որ սահմանը հակակշիռի տակ պահելը կարիքը ունի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան:

Ալամէ յոյս յայտնեց նաեւ, որ Ապահովական կեդրոնական խորհուրդը որոշում տայ եւ համախոհութիւն գոյացնէ` Սուրիոյ կառավարութեան հետ պաշտօնական պատուիրակութեան ընդմէջէն գործելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութեան Դեսպան. «Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Հետ Մտերիմ Գործունէութիւն Պիտի Ծաւալեմ Երկրին Ապաքինում Ապահովելու Նպատակով»

Յաջորդը

Միքաթի. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Առաքելութիւնը Երկարաձգած Միջազգային Բանաձեւի Գործադրութեան»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.