Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.650 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ Սամի Ապի Մունա ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ապի Մունայի այցելեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ: Քննարկուեցան Լիբանանի կացութիւնն ու անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի գործակատար Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները: Մակրօ հաստատեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի համար լիբանանեան թղթածրարը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակին նկատմամբ ֆրանսական զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի: Ան ընդգծեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նախագահ ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նոր դեսպանի գործակատար Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մաուլաուիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Ֆատի Քարամ, Ղայյաս Եազպեք, Ռազի Հաժ, Ժամիլ Ապպու եւ Ահմետ Ռըսթոմ: Քննարկուեցան տարբեր շրջաններու կարիքները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆրանսուա Քզավիէ Պելամիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին ան շեշտեց, որ Լիբանան Իրանի պատանդ երկիր է` աւելցնելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը զուտ ներքին չեն, այլ` արտաքին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ աւանդական երկխօսութիւնն ու լուծման միջոցները Լիբանանի համար այլեւս ապարդիւն են: «Լիբանան կարիքը ունի գոյութենական պոռթկումի մը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կուսակցութիւնը պատրաստ է մասնակցելու որեւէ երկխօսութեան, որուն արդիւնքը կ՛ըլլայ անմիջապէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը: «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը մաղթէ, որ երկխօսութիւնը աւանդական չըլլայ, այլ` գործնական եւ ազդու», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ արդիւնաւէտ երկխօսութիւնը երկրի տագնապներուն լուծման ամէնէն արագ միջոցն է` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը ամուր կը մնայ լիբանանցի քաղաքացիներուն ծառայելու իր երդումին վրայ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստեր գումարելու սահմանադրական հոլովոյթը երկխօսութեան հետ առնչելու մօտեցումը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարական յանձնախումբ մը, որ ուղղուի դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա` զգուշացնելու համար Լիբանանի փլուզման վտանգէն:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Արեւելեան Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութեան Աւարտը Յայտարարեցին

Յաջորդը

Մքերի. «Պասիլի Պահանջները Կուսակցական Չեն, Եւ Կ՛արժէ Զանոնք Լաւապէս Սերտել»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.