
Շալքէի յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալես իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ մինչեւ 2012, հակառակ անոր որ ակումբի մարզիչ Ֆելիքս Մակաթ մեկնեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Ռալֆ Ռանկնիքով:
33 տարեկան Ռաուլ, որ նախորդ տարի միացաւ Պունտըսլիկայի խումբին, այս տարեշրջանին անոր հետ նշանակեց 11 կոլ (ախոյեանութեան գծով): Ան նշանակեց նաեւ երեք կոլ` «Չեմփիընզ Լիկ»ի մրցաշարքին գծով եւ իր կազմին հետ հասաւ քառորդ աւարտական, ուր պիտի մրցի տիտղոսակիր Ինթեր Միլանի հետ:
Ռաուլ, որ 16 տարի մաս կազմեց Ռէալ Մատրիտի, եզրափակեց ըսելով, որ երբ ինք Գերմանիա ժամանեց, իր պայմանագրութիւնը չստորագրեց Մակաթի հետ, այլ` Շալքէի հետ:


