Քիւրտերու ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը երէկ գրաւեցին արեւելեան Տէր Զօրի մէջ գտնուող Պուսէյրա քաղաքը, երբ արշալոյսին սուրիական ցեղախումբերու մարտիկները հեռացան անկէ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Վերջիններս աջակցութիւն յայտնած էին Սուրիոյ ղեկավարութեան ու բանակին` ընդդէմ ամերիկեան ու թրքական բռնագրաւումներուն եւ անոնց գործակիցներուն: Ցեղախումբերը մէկ օր առաջ յայտարարած էին, որ Տէր Զօրի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Հաժին գիւղը ամբողջութեամբ առած են իրենց վերահսկողութեան տակ, երբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը հեռացած էին անկէ:
Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը կը շարունակեն մէկ կողմէ` Տէր Զօրի մէջ բախում ունենալ արաբական ցեղախումբերուն հետ, միւս կողմէ` Ռաքքայի հիւսիսային ճակատի` Թել Ապիատի եւ Հալէպի գիւղական շրջանի Մընպեժի արեւմտեան գիւղական շրջանի ճակատներուն վրայ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Ազգային բանակ»-ի զինեալներուն դէմ:
Այս բոլորին լոյսին տակ, Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ ժողով գումարած են Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ ցեղապետներուն հետ` «քննարկելու համար Տէր Զօրի մէջ տիրող լարուածութիւնը»:
Ըստ հաղորդագրութեան, հանդիպումին ներկայ գտնուած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Իթըն Կոլտրիչ եւ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ ներքին կառավարման գրասենեակի ղեկավար հազարապետ Ֆայլ:
Դեսպանատունը նշեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է կարգաւորելու «Տէր Զօրի բնակիչներուն հասած անիրաւութիւններն ու այդ շրջանին մէջ արտաքին միջամտութեան վտանգները», ինչպէս նաեւ շեշտուած է Տէր Զօրի մէջ «բռնարարքներու մագլցումին կարելի եղածին չափ շուտ դադրեցման կարեւորութիւնը»:
Ամերիկացի պաշտօնատարները Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ներկայացուցիչներուն նշած են ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու ջանքերուն մէջ այդ ուժերուն հետ «ուժեղ գործընկերութեան կարեւորութիւնը»:


