Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի. «Կառավարութեան Նոր Տագնապ Մը Չեմ Նախատեսեր»

March 27, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փլամպլի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան վերաբերող թղթածրարները:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Նիւ Եորք կատարած իր այցելութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Փլամպլի յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը դրուատած է սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը տիրող ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ Լիբանանի ցուցաբերած մարդասիրական վերաբերումը:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Անձնական հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարունը, որուն ընկերակցեցաւ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Հարուն ներկայացուց սենտիքային պահանջը եւ վարչապետ Միքաթիէն խոստում ստացաւ այդ հարցը կառավարութեան նիստին քննարկելու:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւր թղթածրար կը վերածուի բանավիճային նիւթի: Ան նկատել տուաւ, որ ելեկտրական հոսանքին վերաբերող հարցը թեքնիք հարց է` աւելցնելով, որ անիկա քաղաքական ոչ մէկ ենթահող ունի:

Վարչապետը հաստատեց, որ կառավարութիւնն է, որ պիտի քննարկէ այդ թղթածրարը եւ որոշում տայ այդ առումով: Ան աւելցուց, որ ըստ իրեն` ելեկտրական հոսանք հայթայթելու առումով կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստին ընթացքին շինիչ քննարկում պիտի կատարէ:

«Այս թղթածրարին քննարկման շրջագիծին մէջ կառավարութեան նոր տագնապ մը չեմ նախատեսեր», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:

Ան շեշտեց նաեւ, որ ինք պատրաստ է ելեկտրականութեան հոսանքը բարելաւելու իմաստով խորհրդակցելու` աւելցնելով, որ ինք հաստատութենական անձնաւորութիւն մըն է եւ ի վերջոյ պիտի ենթարկուի կառավարութեան տալիք որոշումին:

Վարչապետը յայտնեց, որ ինք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ համաձայն է` լիբանանցի քաղաքացիին շահերը ապահովելու եւ պետական գանձարկղին մսխումը սեղմումի ենթարկելու առումով:

Անդրադառնալով իր զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու լիբանանցի կնոջ իրաւունքին` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք կը խոստանայ այդ իրաւունքը լիբանանցի կնոջ շնորհել յառաջիկայ Մայրերու տօնէն առաջ:

Նախորդը

Պըրրի Սաֆատիի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Հարցեր

Յաջորդը

Չըրչիլը Եւ «Յատուկ Յարաբերութեան» Ծնունդը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.