Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ըն յայտարարեց. «Քորէական ժողովրդային բանակի ծովուժը հիւլէական զսպման ուժի մէկ անբաժանելի մասը պիտի դառնայ, եւ պատրաստ պիտի ըլլայ ռազմավարական առաքելութիւն գործադրելու»:
Ըն իր դստեր հետ երկրին մէջ ծովուժի օրուան առիթով ծովուժի հրամանատարութիւն այցելելու ընթացքին նշեց. «Քորէական թերակղզին շրջապատող ջուրը աւելի անկայուն դարձաւ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ ուժերու վարմունքին պատճառով, ինչ որ հիւլէական տագնապը կը դարձնէ մօտալուտ»:
Նշենք, որ ան այդ յայտարարութիւնները կատարեց 21 օգոստոսին սկսած Հարաւային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու 10-օրեայ միացեալ ռազմափորձերուն լոյսին տակ:


