Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուել Մաքրոն ֆրանսական «Լը Փուան» ամսագիրին հետ հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մասին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ան ընդգծած է Ֆրանսայի դերը, որ ճնշում կը գործադրէ մարդասիրական հասանելիութիւնը երաշխաւորելու համար:
Պատասխանելով Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ իր ձեռնարկելիք քայլերուն մասին հարցումի մը` Մաքրոն յայտարարած է. «Մեր դիւանագիտութիւնը պարզ է, սակայն այժմ դիւանագիտութեան ժամանակը չէ: Ես կը ցաւիմ եւ կը դատապարտեմ այդ շրջափակումը: Մենք միշտ ըսած ենք, որ կանգնած ենք ժողովուրդներու գերիշխանութեան կողքին: Լեռնային Ղարաբաղի հարցը բարդ է: Այս հարցին մէջ ես չեմ կրնար կրկնել արտայայտուած ամէնէն կարծր դիրքորոշումները:
«Ֆրանսան յստակօրէն դատապարտած է 2020 թուականի պատերազմը եւ կազմակերպած բազմաթիւ մարդասիրական գործողութիւններ: Այսօր մենք մեր ամէն կարելին կ՛ընենք, որպէսզի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գտնուի համաձայնութիւն մը, որ պիտի արտօնէ տեւական խաղաղութիւն եւ ժողովուրդներու ու մշակոյթներու պաշտպանութիւն: Խաղաղութեան այս համաձայնագիրը անհրաժեշտութիւն է, սակայն անիկա պէտք է համապատասխանէ միջազգային օրէնքին»:
Լրագրողի «հակառակ ատոր, որ միջազգային փորձագէտները կը փաստեն ցեղասպանական հոլովոյթի գոյութիւնը» դիտարկման Ֆրանսայի նախագահը ըսած է. «Ես ձեռնպահ կը մնայի այդքան արագ այդ ձեւակերպումը օգտագործելէ: Մենք գործ ունինք անընդունելի մարդասիրական կացութեան հետ, յատկապէս` Լաչինի միջանցքին շուրջ: Ֆրանսայի դերը մարդասիրական հասանելիութեան նպատակով գործադրուող ճնշումը պահպանելն է, եւ մենք մեր առաւելագոյն ջանքերը կը գործադրենք այդ ուղղութեամբ: Մասնաւորաբար` մենք կը շարունակենք նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ, որպէսզի սննդամթերք եւ դեղորայք հասցուի Լեռնային Ղարաբաղ եւ ազատ մուտքը այնտեղ պահպանուի: Բացի ատկէ, այսօր Հայաստանը վտանգուած է նաեւ սեփական սահմաններուն մէջ»:


