Ամերիկացի ծերակուտական Պիլ Քասըտի «Էքս»-ի վրայ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Պաքուի գործողութիւնները որակած է իբրեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութիւնը օրէ օր հետզհետէ աւելի կը բարդանայ: Եթէ Ազրպէյճանը չվերցնէ շրջափակումը, մարդիկ սովամահ պիտի ըլլան: Սնունդը իբրեւ զէնք օգտագործելը Հռոմի կանոնադրութեան 7-րդ յօդուածը կը խախտէ, ինչ որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է», գրած է Քասըտի:


