Իրանի փոխնախագահ, Իրանի մէջ ծրագրաւորման ու ամավարկի կազմակերպութեան նախագահ Տաուտ Մանզուր յայտարարեց, որ Հարաւային Քորէայի, Թուրքիոյ եւ Իրաքի մէջ Իրանի սառեցուած հաշիւներուն նկատառելի մէկ մասը ապասառեցուած է:
Ան վստահեցուց, որ այդ գումարները Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարներուն մէկ մասն են եւ կառավարութեան չեն պատկանիր:
Մանզուր նշեց, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահը կը պնդէ, որ «կառավարութեան որդեգրած տնտեսական քայլերուն վերնախաւի շրջանակին մէջ արձագանգները ստուգենք»:
Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը փորձած է շարք մը խնդիրներ լուծել, եւ այդ ուղղութեամբ կարգ մը յաջողութիւններ արձանագրած է` կառավարութիւնը փորձած է բարելաւել հարկային եկամուտները, եւ վերջին երկու տարիներուն այդ եկամուտներուն աճը լաւ էր:


