Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Պարսելոնայի սպանացի միջնապահ Փետրի վիրաւոր ըլլալուն պատճառով քանի մը շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը վնասած է իր աջ ազդրին մկանը:
Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, 20 տարեկան ֆութպոլիստը նուազագոյնը վեց շաբաթով պիտի չկարենայ մրցումներու մասնակցիլ:
Փետրիի վերադարձը` սպանացի Չաւիի գլխաւորած կազմ, կ՛ակնկալուի յառաջիկայ հոկտեմբերին:


