Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Իթթիհատ, որ հիւրը եղաւ Ռիատին, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա:
Նշենք, որ այսպիսով Պենզեմա նշանակեց իր առաջին կոլը` Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով:
3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Իթթիհատ եւ Ահլի միակ կազմերն ըլլալով ապահոված են առաւելագոյն 9 կէտը:


