Ճատրակի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող, աշխարհի 16-րդ ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:
Աւարտականի մրցումին, կրանտ մասթըր Քարլսըն թայ պրէյքով 1,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 18 տարեկան հնդիկ Ռամեշպապու Փրակնանատհան:
Երրորդ դիրքը գրաւեց ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա:


