Եքաթերինպուրկի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող համալսարանական միջազգային փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ներկայացուցիչ Վարսենիկ Մանուչարեան տիրացաւ պրոնզ մետալի:
Թիթեռնիկի լողարշաւի 200 մեթրի մրցումներուն, ան արձանագրելով 2’24”43 արդիւնք մը, գրաւեց երրորդ դիրքը:
Ասկէ բացի, ան արձանագրեց նաեւ մրցանիշ մը` հայկական առումով:
Նշենք, որ ան ապահոված է նաեւ 50 մեթր թիթեռնիկի լողի մրցումներու կիսաւարտականի իրտոմսը:


