Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ աշխարհի ուսանողական ախոյեանութեան, հայրենի կռփամարտիկները տիրացան երկու ոսկի եւ պրոնզ մետալի մը:
51 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Ալաբերքեան, հակառակ վիրաւոր ըլլալուն, ոչ մէկ առիթ տուաւ ազրպէճանցի իր մրցակիցին եւ անոր դէմ արձանագրելով 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, տիրացաւ ոսկի մետալին:
Ոսկի մետալի տիրացաւ նաեւ Ռուսլան Ասլիկեան (57 քկ), որ աւարտականին իր յաղթանակը արձանագրեց վենեզուելլացի իր մրցակիցին դէմ:
Ալաբերքեանէն եւ Ասլիկեանէն առաջ, պրոնզ մետալի տիրացած էր Համլեթ Յարութիւնեան` 80 քկ դասակարգին մէջ:


