Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիան երկրին մէջ հիւլէական կայան մը կառուցելու չինական առաջարկ մը կը սերտէ:
Հարցէն տեղեակ սէուտցի պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնած են, որ այդ քայլին «նպատակը Պայտընի վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնելն է, որպէսզի Ռիատի հիւլէական ուժանիւթ ձեռք ձգելու ձգտումին Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան համար իր պայմաններէն զիջումներ կատարէ»` նշելով, որ Ռիատ կը ձգտի «Միջին Արեւելքի մէջ իր ազդեցութիւնը ամրապնդել»:
Օրաթերթը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներուն համաձայն, Ուաշինկթըն պայման կը դնէ, որ սէուտցիք համաձայն ըլլան իրենց սեփական իւրանիոմը չհարստացնելու կամ Սէուտական Արաբիոյ մէջ իւրանիոմի իրենց սեփական պահեստները չարտահանելու` նշելով, որ անոնք հիւլէական զէնքերու տարածման արգիլման պայմաններ են, «որոնք Չինաստան չպահանջեց»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» նաեւ կը նշէ, որ ըստ սէուտցի պաշտօնատարներուն, այս հարցին շուրջ Չինաստանի հետ քննարկումները Պայտընի վարչակազմին վրայ ճնշում բանեցնելու համար էին, որպէսզի վերջինս զիջումներ կատարէ:
Պաշտօնատարները յայտնած են, որ չինական «Չայնա Նեշընըլ Նիւքլիըր Քորփ» ընկերութիւնը Սէուտական Արաբիոյ Շարքիէ շրջանին մէջ Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու սահմաններուն մօտ հիւլէական կայան կառուցելու առաջարկ ներկայացուցած է:
Սէուտցի պաշտօնատարները յայտնած են, որ իրենք կը նախընտրեն Հարաւային Քորէայի ելեկտրականութեան ընկերութիւնը վարձել կառուցելու համար հնոցները եւ ամերիկեան փորձառութիւնը անոր մասնակից դարձնել, սակայն առանց Ուաշինկթընի պահանջած նախապայմաններուն:


