ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Տիար» օրաթերթին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ քաղաքական կեանքին մէջ սկիզբէն ի վեր ՀՅ Դաշնակցութեան համար երկխօսութիւնը առաջնահերթութիւն է:
Ան նշեց, որ 1975-ի քաղաքացիական պատերազմին առաջին օրերէն ՀՅԴ-ն յայտարարած է դրական յանձնառութեան կարգախօսը, որ ծանօթ է իբրեւ դրական չէզոքութիւն:
«Այդ կարգախօսը որդեգրուած է հիմնուելով այն սկզբունքին վրայ, որ հարցերը միայն երկխօսութեամբ կը լուծուին, եւ անիկա պէտք է սկիզբէն գործադրել, եւ ոչ թէ պատերազմներու եւ սադրանքներու մէջ մխրճուելէ ետք` ստիպուած: Հետեւաբար մենք երկխօսութեան համաձայն ենք, ինչ ձեւի երկխօսութիւն, որ ըլլայ անիկա: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով մասնակցած ենք Տոհայէն առաջ եւ Տոհայի, ինչպէս նաեւ Թաէֆի երկխօսութիւններուն, որովհետեւ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է լուծելու երկրին հարցերը», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ լուծելու համար Լիբանանի դիմագրաւած այսօրուան տագնապը, որ երկրին պատմութեան մէջ չէ պատահած` մինչեւ նոյնիսկ պատերազմի վերջին փուլը, երկխօսութիւնը կարեւոր է, «որովհետեւ ի վերջոյ այս տագնապին համար ապահովուելիք որեւէ ելք կամ լուծում պիտի պարտաւորեցնէ, որ բոլորը նստին եւ խորհրդակցին ու խօսին իրարու հետ, յանգելու համար լուծումներու», ըսաւ ան` աւելցնելով նաեւ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը համաձայն էր նաեւ երկխօսութեան այն կոչին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ուղղեց քաղաքական հիմնական ուժերուն, որովհետեւ երկխօսութիւնը կը կատարուի այն ուժերուն միջեւ, որոնք տարակարծութիւններ ունին:
Նախագահական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով, երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն անհրաժեշտ կը նկատէ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը: «Սակայն միաժամանակ կը հաստատենք նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի այն կեցուածքը, թէ հաշուարկին վերջ տրուած է: «Կարելի չէ հաշուարկը շարունակելով հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել, նոյնիսկ եթէ նորընտիր նախագահը միայն մէկ քուէով պիտի ընտրուի: Մեզի համար կարեւոր է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կրնայ իմաստուն որոշումներով կառավարել եւ տարբեր ուժերու տեսակէտներու մերձեցում ապահովել», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ուշացումը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ընկերային, տնտեսական, ելեւմտական, կրթական եւ առողջապահական տարբեր մարզերուն վրայ: «Հետեւաբար կարեւոր է, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան գծով ընդարձակ համախոհութիւն գոյանայ: Այս ծիրին մէջ պէտք չէ մոռնալ, որ ընտրուած են հանրապետութեան նախագահներ, որոնք վայելած են խորհրդարանի անդամներուն ջախջախիչ մեծամասնութեան քուէները, ինչպէս` զօր. Էմիլ Լահուտ, զօր. Միշել Սլէյման եւ զօր. Միշել Աուն: Այս նախագահները ստացած են խորհրդարանի քուէներուն երկու երրորդէն աւելին, սակայն որոշ ժամանակ ետք զանոնք փոփոխութեան ենթարկելու առաջարկ ներկայացուցած են անոնք, որոնք ընտրած են այս նախագահները», շեշտեց ան:
Ան հաստատեց, որ այս դժուար կացութեան ընթացքին 65 կամ 66 քուէով հանրապետութեան նախագահ ընտրելը համազօր է այն իրականութեան, թէ ժողովուրդին կէսը կը մերժէ հանրապետութեան նախագահը:
«Մեկնելով այս դիտանկիւնէն եւ համախոհութեան յանձնառու մեր կեցուածքէն, կ՛ընդգծենք, որ առողջ գոյակցութիւնը եւ համերաշխութիւնը պէտք է գետնի վրայ գործադրել` երեսփոխաններուն միջեւ կարելի եղածին չափ լայն համախոհութիւն գոյացնելով, որպէսզի նորընտիր նախագահը առաջին իսկ օրէն ընդունուի լիբանանցի ժողովուրդը բաղկացնող շերտերուն մեծամասնութեան կողմէ, եւ այդպէս ստանձնէ հանրապետութեան նախագահի իր իրաւասութիւնները», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
ՀՅ Դաշնակցութեան զօրակցութիւնը վայելող նախագահական թեկնածուին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց. «Նախագահական մեր թեկնածուն ան է, որ քուէներուն մեծամասնութիւնը կ՛ապահովէ: Հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ քաղաքագէտ, տնտեսութեան եւ օրէնքներու մարզին քաջածանօթ, ինչպէս նաեւ արաբական եւ արեւմտեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններ ունեցող անձնաւորութիւն մը, որպէսզի կարենայ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին ելքեր եւ լուծումներ ապահովել:
Հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ նաեւ մէկը, որ կարողութիւն կ՛ունենայ քաղաքական բոլոր ուժերուն խօսակից դառնալու: Հանրապետութեան նախագահութիւնը միայն նախագահին անձը չէ, այլ` անոր հետ գործակցող շրջանակը: Հանրապետութեան նախագահը պէտք է ունենայ հարցերը ընկալելու եւ անոնց լուծումներ ապահովելու կարողութիւնը», հաստատեց ան:
Պատասխանելով Լիբանանը դաշնակցային դրութեան վերածելու մասին ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքին մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան չի գտնուիր նման համակարգ կամ դրութիւն հանդուրժելու կացութեան մէջ:
«Երկրին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը վարչակարգի փոփոխութիւններ չի կրնար հանդուրժել, սակայն կը զօրակցինք ընդարձակ ապակեդրոնացեալ դրութեան, որովհետեւ անիկա Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ ներառուած է», եզրափակեց ան:


