Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանն ու Հարաւային Քորէան Արձագանգած Են «Ֆուքոշիմա-1» Հիւլէական Կայանէն Ջուրի Բացթողման

August 25, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ասիական երկիրները կը քննադատեն «Ֆուքոշիմա-1» հիւլէական կայանէն շողարձակ ջուրի Խաղաղական ովկիանոս բացթողումը, որ Ճափոնի իշխանութիւնները սկսած են 24 օգոստոսին: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը գրէ «Տէօչէ Վելլէ»-ի ռուսական ծառայութիւնը` վկայակոչելով Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը:

«Ովկիանոսը ամբողջ մարդկութեան հասարակաց սեփականութիւնն է, եւ «Ֆուքոշիմա»-ի հիւլէական կեղտոտ ջուրի հարկադիր բացթողումը չափազանց եսասիրական ու անպատասխանատու գործունէութիւն է, որ կ՛անտեսէ միջազգային ընտանիքի շահերը», յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Փեքինի կարծիքով` Ճափոնը «չէ ապացուցած իր ծրագիրի օրինականութիւնը» եւ «հիւլէական կեղտոտ ջուրի մաքրութեան սարքաւորումներու երկարաժամկէտ յուսալիութիւնը»: Բացի ատկէ, Չինաստան կը կարծէ, որ Թոքիոյի իշխանութիւնները չեն ապացուցած արտանետուող սոտայի անվնաս ըլլալու մասին տուեալներու իսկութիւնն ու ստոյգ ըլլալը ծովային միջավայրի եւ մարդոց առողջութեան համար:

Հարաւային Քորէան իր կարգին Թոքիոյին կոչ ուղղած է թափանցիկութիւն ապահովելու «Ֆուքոշիմա-1» հիւլէական կայանէն ջուրի բացթողման հոլովոյթին մէջ: Ըստ Հարաւային Քորէայի վարչապետ Հան Տոք Սուի, Ճափոնի իշխանութիւնները պէտք է ամբողջ պատասխանատուութեամբ բացայայտեն այս առնչութեամբ տեղեկատուութիւնը եւ յառաջիկայ 30 տարուան համապատասխան ծրագիրները: Բացի ատկէ, Հարաւային Քորէայի կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ Ֆուքոշիմայի մերձակայքէն ձուկի եւ սննդամթերքի ներածման արգելքը պիտի գործէ այնքան ժամանակ, մինչեւ որ մեղմացուի հասարակութեան մտահոգութիւնը:

Ճափոնի այս քայլին դէմ ցոյց կատարուած է Սէուլի մէջ Ճափոնի դեսպանատան առջեւ: Հարաւային Քորէայի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է առնուազն 16 մարդիկ, որոնք ցոյցի ժամանակ ներխուժած են դեսպանատան շէնք:

«Ֆուքոշիմա-1» հիւլէական կայանէն ջուրի բացթողման դէմ բողոքի ցոյցեր կատարուած են նաեւ ասիական շարք մը այլ քաղաքներու մէջ, ներառեալ Հոնկ Քոնկը եւ Թոքիոն:

Նախորդը

«Պազումի Նիկերի Մէջ Իշխանութեան Վերադառնալը Անկարելի Կը Թուի» Կ՛ըսէ ԷՔՕՈՒԱՍ-ի Պատուիրակը

Յաջորդը

ՊՐԻՔՍ-ը Սէուտական Արաբիան, Իրանը Եւ Եգիպտոսը Հրաւիրած Է Իրեն Անդամակցելու

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.