Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «ՄԱԿ-ը Պէտք Է Նպաստէ Կիպրոսի Բոլոր Կողմերու Մարդասիրական Կարիքներու Լուծման»

August 23, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան» գերիշխան տարածքին մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն կողմէ ուժի կիրարկումը անընդունելի է: Այս մասին նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Ան նշած է, որ «ապակայունացնող վարքագիծի փոխարէն» ՄԱԿ-ը պէտք է օգնէ «լուծելու կղզիի բոլոր կողմերուն մարդասիրական կարիքները»:

Էրտողան աւելցուցած է, որ Անգարան պիտի շարունակէ պաշտպանել այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան իրաւունքները:

Անոր համաձայն, Հիւսիսային Կիպրոսի` Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան մասնակցութիւնը եւ անոր մէջ շարք մը երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ բանալու մտադրութիւնը թրքական կողմի բնական իրաւունքն է:

Կիպրոսի բռնագրաւուած թրքական հատուածը իբրեւ պետութիւն կը ճանչնայ միայն Թուրքիան:

Միւս կողմէ, Թուրքիան կարծր քննադատութեան ենթարկեց Կիպրոսի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի յայտարարութիւնը, որ կղզիին վրայ տեղի ունեցած վերջին անկարգութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահներուն վրայ յարձակման համար մեղադրած էր թրքական հատուածի անջատողականները:

«Յայտարարութիւնը ամբողջովին կտրուած է իրականութենէն եւ դրական ներդրում ունենալու փոխարէն աւելի կը բարդացնէ հոլովոյթը», կը պնդէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Առճակատումը տեղի ունեցած էր անցեալ շաբաթավերջին կղզին բաժանող գօտիին մէջ, երբ խաղաղապահները փորձած էին խոչընդոտել նոր ճամբու կառուցումը թրքական կողմէն:

Միջադէպին պատճառով վիրաւորուած էին ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու անդամ չորս զինուորներ: ՄԱԿ-ը զգուշացուցած էր, որ «խաղաղապահներու վրայ յարձակումը կրնայ նկատուիլ իբրեւ յանցագործութիւն` միջազգային օրէնքին համաձայն:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ուահտէ Շուֆ Հանդիսացաւ Լիբանանի Տղոց Դ. Դասակարգի Ախոյեան

Յաջորդը

Ալճերիան Կը Մերժէ Նիկերը Հարուածելու Համար Իր Օդային Տարածքը Օգտագործելու Ֆրանսայի Դիմումը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.