Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 23, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 3000 լ. ոսկիով, մազութը` 8000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 11.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են` 95 օքթան պենզինի թիթեղը` 1.793.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.831.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.665.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 901.000 լ. ոսկի:

«ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նախագահական ընտրութեան ընդդիմութեան թեկնածու, նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր քառօրեայ այցելութեամբ մը եկած է Պէյրութ, ուր  հանդիպումներ ունեցած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Նաամէ Թոհմէի հետ:

ՔԱՀՀԱԼԷԻ շրջանէն 4 երիտասարդներ իբրեւ ականատես իրենց վկայութիւնները փոխանցեցին Քահհալէի զինեալ միջադէպին վերաբերեալ: Քահհալէի քաղաքապետարանը հաստատեց, որ հետաքննութեան ընթացքը դիւրացնելու համար Քահհալէի երիտասարդները իրենց վկայութիւնները պիտի փոխանցեն իբրեւ վկաներ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ երկրին սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն դէմ գործուած ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ յանձնառութիւններուն նկատմամբ զլացումը մահացու մեղքեր են:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մախզումի ըսաւ. «Կոչ կ՛ուղղեմ, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան կառչած մնացողները ծառէն վար իջնեն, որպէսզի կարելի ըլլայ հանդիպում մը կայացնել»:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան գործակատար Էրվէ Մակրոն, որուն հետ հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ, անդրադառնալով այն լուրերուն, թէ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ կրնայ Նիւ Եորք չմեկնիլ` մասնակցելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, հաստատեց, որ Պու Հապիպի մասնակցութիւնը այդ ժողովին շատ կարեւոր է, որովհետեւ այդ որոշումին իմաստով Լիբանան ունի իր ներկայացնելիք դիտողութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան վերադարձին չսպասելու, այլ` սեպտեմբերին զայն հրաւիրելու Պէյրութ` ներկայ գտնուելու հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործավար Ուասիմ Մանսուրի իր դերակատարութիւնը պատասխանատուութեամբ եւ արհեստավարժ կերպով կը կատարէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Քահհալէի ապահովական միջադէպին շուրջ հետաքննութեան թափանցիկութեան վրայ վստահութիւն ունինք` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին դէմ առկայ է դաւադրութիւն մը` անդամալուծելու համար զայն: Ռիֆի աւելցուց նաեւ, որ Այն Իպըլի ոճիրին մասին մօտիկ ապագային պիտի բացայայտուին այլ փաստեր, որոնք ուղղակիօրէն Հըզպալլային կը վերաբերին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ մաղթեց, որ Լիբանանի ծովային հարստութիւնը մնար լիբանանեան ջուրերուն մէջ եւ չբացայայտուէր, որովհետեւ ցամաքային հարստութիւնն ու բարիքները իւրացնողները առանց զլանալու պիտի յափշտակեն նաեւ ծովային հարստութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանանի ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը իրականութեան մէջ նաւթահորերու հորատումը սկսելու համաձայնութիւն էր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց գոյացնելու համաձայնութիւն մը, որ պետութեան կը վերադարձնէ իր կշիռը` հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութեան, ինչպէս նաեւ աշխուժ կառավարութեան մը կազմութեան առումով:

 

 

 

Նախորդը

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Յաջորդը

Լը Տըրիանի Առաքելութիւնը Լրջութեամբ Կ՛ընկալուի Ամալ Շարժումին Եւ Հըզպալլայի Կողմէ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.