Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Դեսպանը Ընդունելու Ընթացքին. «Գնահատելով Իրանի Զօրակցութիւնը Հայաստանի Ու Արցախի Գծով, Կը Սպասենք Աւելին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

August 22, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 22 օգոստոս 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուժթապա Ամանիի հետ:

Քննարկումներուն մէջ յատուկ տեղ գրաւեց Արցախի շրջափակումը Ազրպէյճանի կողմէ: Վեհափառ հայրապետը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ներկայացուց դեսպանին, յատկապէս անդրադառնալով շրջափակումին հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապին եւ անոր ծանր հետեւանքներուն: Ապա, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ երկու հիմնական հարցեր կը գտնուին Արցախի դիմաց` շրջափակումին անյապաղ վերջ տալը եւ Արցախի ինքնորոշման ճանաչումը: Արագ ակնարկ մը նետելով Արցախի պատմութեան վրայ` վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ յիշեց Իրանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը ընդհանրապէս Հայաստան-Ազրպէյճան տագնապին եւ յատկապէս Արցախի հարցին քաղաքական լուծման` արդարութեան ու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ հիմնուած: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը աւելին կը սպասէ Իրանէն, յատկապէս Արցախի տագնապի այս ճակատագրական փուլին:

Դեսպանը մօտէն ծանօթ ըլլալով Արցախի հարցին, խոստացաւ վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւններն ու սպասումները փոխանցել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատասխանատուներուն:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցեր եւ այս ուղղութեամբ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումները` տեղական, շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Դեսպանը ողջունեց վեհափառ հայրապետին ու Լիբանանի հայ համայնքին տարած աշխատանքները եւ որդեգրած դիրքորոշումները նախագահական ընտրութեան առնչուած:

Հանդիպման աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկային Իրանի հայութեան տալիք իր հովուապետական այցելութեան մանրամասնութիւններուն:

 

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդի Նիստը․ Տեսական Հնարաւորութիւններ Եւ Առկայ Իրողութիւն

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Կանաչ Ժամը Եւ Կուսանաց Անապատը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.