Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ կ՛ակնկալէ սեպտեմբերին «դէմ առ դէմ» հանդիպիլ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ:
«Հնդկաստանի մէջ «Քսաններու խմբակ»-ի հանդիպում պիտի ըլլայ, իսկ սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողով: Եթէ մենք կարելիութիւն գտնենք այս զբաղուած միջավայրին մէջ, ապա դէմ առ դէմ պիտի հանդիպինք եւ պիտի խօսինք պարոն Փութինի հետ», լրագրողներուն ըսած է Էրտողան:
Ան յայտարարած է, որ յոյս ունի արդիւնքներու հասնիլ Անգարայի միջնորդութեամբ` ուքրանական տագնապի լուծման հարցին մէջ:
«Մենք կը ձգտինք խաղաղութեան բանակցութիւններուն, այս է մեր յոյսը: Այս մասին մենք խօսած ենք Զելենսքիի այցելութեան ժամանակ, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարներու վեհաժողովներու մէջ մեր հանդիպումներուն ժամանակ:
«Յոյսով եմ, որ մենք արդիւնքի պիտի հասնինք, եթէ երկու ղեկավարները հաւանութիւն տան մեր միջնորդութեան», ըսած է Էրտողան` լրագրողներուն`
Հունգարիայէն վերադառնալէ ետք:


