Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հունգարիոյ Մէջ. «Միասնաբար Կը Պայքարինք Տեղահանուածները Մեր Երկիրներուն Մէջ Բնակեցնելու Պարտադրանքին Դէմ» Շեշտեց Պասիլ

August 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Հունգարիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փիթըր Սէարթոյի հետ:

Ս. Ստեփանոսի տօնին առիթով, այս հանդիպումը կազմակերպուեցաւ Լիբանանի Պաթրուն եւ Հունգարիոյ Սեքեսֆեհերվար քաղաքներուն միջեւ համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրելու նպատակով:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Պասիլ յայտնեց, որ ինք Պաթրունէն կու գայ, այն քաղաքը, որ կը գտնուի Միջերկրականի արեւելքը եւ հազարաւոր տարիներու քաղաքակրթութիւն կը ներկայացնէ, իսկ անոր կը հսկէ Ս. Սփեփանոսի տաճարը, որ կը ներկայանայ իբրեւ քաղաքին հրաշագործ սրբավայրը:

Պասիլ նշեց, որ այդ տաճարը կառուցուած է 1906-ին, Մեծն Լիբանանի հիմնադիր Եուսեֆ Հուայեք պատրիարքին կողմէ:

«Մենք ձեզի կը բերենք Պաթրունի մեր Ս. Ստեփանոսը` նկատի ունենալով, որ Հունգարիոյ մէջ նաեւ Ս. Ստեփանոսը կը նկատուի երկրին հիմնադիրը եւ քրիստոնէութեան քարոզիչն ու ռահվիրան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենց բերած պատգամը սիրոյ, ժողովուրդներու միջեւ դրական գործակցութեան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ յարգանքի եւ զիրար ընդունելու իմաստով բաց կեցուածք ունենալու պատգամ մըն է:

Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կը հաւատան քաղաքակրթութիւններու, կրօններու եւ մշակոյթներու բազմազանութեան, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու իւրայատկութիւնները պահպանելու անհրաժեշտութեան:

Ան կոչ ուղղեց ձախողցնելու ամէն փորձ, որ կը միտի ժողովուրդը իր հողէն դուրս բերել:

«Միասնաբար կը պայքարինք տեղահանուածները մեր երկիրներուն մէջ բնակեցնելու պարտադրանքին դէմ», հաստատեց ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ իրենց պատգամը ընտանեկան արժանիքներուն նկատմամբ յարգանքի պահպանումն է, ինչպէս նաեւ այդ արժանիքներուն պահպանումը` ընկերային եւ կրօնական հասկացողութեամբ:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Շոշթարին

Յաջորդը

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Պահանջուած Է Կասեցնել Քաղաքական Հաշիւներ Մաքրելու Վարուելակերպը»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.