Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 2019-ի «յեղափոխութեան» կարգ մը ռահվիրաները ուղղակիօրէն կը ֆինանսաւորուէին Կեդրոնական դրամատան կողմէ:
Պու Սաապ դիտել տուաւ, որ 2019-ին երկրին մէջ գոյութիւն ունէին 14 հաշիւներ, որոնցմէ երեք միլիառ եւ 881 միլիոն տոլարի փոխանցում կատարուած էր դէպի օտար երկիրներ:
«Աւելի ուշ անոնցմէ 8 հաշիւներու սեփականատէրեր մեկնեցան Լիբանանէն` իրենց հետ առնելով երեք միլիառ տոլար: Մենք չենք գիտեր, թէ անոնք ո՛ր ուղղութեամբ մեկնած են, եւ այդ պատճառով պիտի ներկայացնեմ բողոք մը եւ հետաքննութիւն պահանջեմ», ըսաւ ան:
Պու Սաապ նշեց, որ քաղաքական առումով Լիբանան առանձինն ոչինչ պիտի կարենայ իրականացնել, բացի այն նախաձեռնութիւններէն, որոնք իր կողմէ առաջադրուած են, եւ անոնք են քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ կամուրջներ հաստատելու եւ մերձեցումի փորձեր կատարելու քայլերը:
Պու Սաապ շեշտեց, որ ինք կը հաւատայ Իսրայէլի դէմ որեւէ տեսակի դիմադրութեան եւ այդ իմաստով իր կեցուածքը յստակ է:
Ան ընդգծեց, որ Դիմադրութեան զէնքին հարցը կարելի է լուծել Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան քննարկումի շրջագիծին մէջ, «որովհետեւ ընդունինք կամ ոչ, երկրին մէջ կան քաղաքացիներ, որոնց համար այդ զէնքը մտահոգութիւն է, իսկ նաեւ կան ուրիշներ, որոնց համար այդ զէնքը լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը պաշտպանելու առիթ է», յայտնեց ան:
Պու Սաապ շեշտեց, որ ինք կը գնահատէ Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը, սակայն հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ միայն 38 երեսփոխաններու նամակ յղուած է Ֆրանսայի կողմէ, եւ անոնք ի՞նչ հիման վրայ ընտրուած են, եւ ինչո՞ւ 128 երեսփոխաններ Ֆրանսային պէտք է պատասխանեն:
Պու Սաապ ցաւ յայտնեց, որ իբրեւ լիբանանցիներ իրենք զիրենք կը նուաստացնեն` աւելցնելով, որ աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, որուն նկատմամբ նման վարուելակերպ կը ցուցաբերուի:


