Անցեալ շաբաթավերջին Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի ժողով մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ Մունիր Շահատէի:
ՖԻՆԻՒԼ-ի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ քննարկուած է սահմանային Կապոյտ գիծին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ անոր մօտ քայլեր որդեգրելու հարցը` կանխարգիլելու համար յաւելեալ լարուածութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ քննարկուած են նաեւ գործուած օդային եւ ցամաքային ոտնձգութիւններն ու այլ հարցեր, որոնք կը վերաբերին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու իրաւասութիւններուն:
Զօր. Լասարօ ժողովին ընթացքին կոչ ուղղած է երկու կողմերուն, որ սահմանային Կապոյտ գիծի կայունութիւնը պահպանելու նպատակով աշխատանքները համակարգեն ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահներուն հետ:
Նշենք, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմի աւարտէն ի վեր զինուորական եռակողմանի ժողովներ կը գումարուին Նաքուրայի մէջ` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութեան:
Անցեալ շաբաթավերջին գումարուած ժողովը 162-րդն էր, իսկ անիկա պաշտօնական միակ հարթակն է, ուր լիբանանեան բանակն ու իսրայէլեան ուժերը կը հանդիպին:


