Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ 2000 մտաւորականներ անցեալ շաբաթավերջին ստորագրեցին յուշագիր մը, որ փոխանցուեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրիի: Տուեալ յուշագիրով անոնք Մանսուրիէն պահանջեցին իրաւական հաշուեքննութիւն կատարող «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան փոխանցել բոլոր այն փաստաթուղթերը, որոնք նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէ մերժած է նոյն ընկերութեան փոխանցել: Մանսուրիի մօտիկ աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ան պատրաստ է պահանջուած որեւէ փաստաթուղթ տրամադրելու «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ»-ին, հետեւաբար ան յուշագիրի ստորագրութեան կարիք չի տեսներ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ քաղաքական ղեկավարները պատասխանատու նկատեց Լիբանանի հանրապետութեան քանդումին եւ իշխանութիւններու վերացումին: Ան կոչ ուղղեց անոնց Աստուծոյ երկիւղածութեամբ վարուելու եւ զգուշանալու պատմութեան անէծքէն: «Ո՛վ որ անօթի չէ մնացած, ապա օրուան հացի արժէքը չի գիտնար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իսկական եւ ազդու երկխօսութիւնը խորհրդարանին մէջ քուէարկելն է` նախագահական ընտրութեան յատուկ խորհրդարանի նիստերուն ընթացքին:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար յայտնեց, որ Լիբանան հասնող զբօսաշրջիկներուն թիւը հասած է մէկ միլիոն երեք հարիւր յիսուն անձերու, որոնց երեսուն առ հարիւրը օտարներ են:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա շաբաթավերջին այցելեց Քֆարշուպայի բարձունքներուն եւ Մազարեհ Շեպաայի սահմանամերձ շրջանը, ուր հաստատեց, որ նշեալ զոյգ շրջանները լիբանանեան են, որոնք առանց վարանելու կը սպասեն իրենց ազատագրումին:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ կարելի չէ Պէյրութի նաւահանգիստն ու Պէյրութի միջազգային օդակայանը առանց ելեկտրական հոսանքի պահել: Ան ընդգծեց նաեւ ճամբաներու նորոգութեան անհրաժեշտութիւնը` երաշխաւորելու համար քաղաքացիներուն ապահով երթեւեկը: «Սակայն ճամբաներու նորոգութիւնը անկարելի է գործադրել զերօ յատկացումներով», ըսաւ Համիէ:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ թիւ 9 նաւթահորի հորատումը իրականացաւ Դիմադրութեան պարտադրած «Քարիշ»-ի տարազին շնորհիւ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ երկիրը այլեւս չի կրնար յաւելեալ տագնապ հանդուրժել` աւելցնելով, որ Լիբանան կը գտնուի կա՛մ պայթելու եւ կա՛մ փապուղիէն դուրս գալու սեմին: Ան նշեց, որ յառաջիկայ երկու-երեք շաբաթներուն ընթացքին աւելի եւս կը յստականայ, թէ երկիրը դէպի ո՛ւր կ՛առաջնորդուի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի` տագնապը լուծելու համար:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Եասին Եասին յայտնեց, որ Դիմադրութեան առանցքին կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան կառչածութիւնը, իսկ ընդդիմութեան կողմէ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի թեկնածութեան կառչած մնալը Լիբանանը պիտի առաջնորդէ ամբողջական փլուզումի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ ոմանք կը մերժեն երկխօսութիւնը, եւ այս կեցուածքն է, որ մեր կարծիքով` կը նկատուի Լիբանանը պատժել ցանկացող արտաքին դաւադրական ծրագիրի մը հետ համագործակցութիւն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ հաստատեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ երկխօսութիւնը պիտի չյանգի Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ընդունեց Միջազգային դրամատան ելեւմտական գործառնութիւններու տնօրէն Աննա Պայարտին, որ քանի մը օրուան աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթընէն եկած է Լիբանան: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէն: Քննարկուեցան ելեւմտական մարզին վերաբերող բարեկարգումները, որոնք գործադրուած են Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ, ինչպէս նաեւ այն օրինագիծերը, որոնք ներառուած էին օրէնսդրական վերջին լիագումարի օրակարգին վրայ, սակայն կարելի չէր եղած զանոնք վաւերացնել, որովհետեւ ժողով կարելի չէր եղած գումարել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաւանական նկատեց, որ 2023-ին Լիբանան հանրապետութեան նախագահ չունենայ: Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մարզին ստեղծած պատկերը բաւական հանգիստ մթնոլորտ մը ստեղծած է:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի Եւ Հարաւային Քորէայի Ղեկավարներու Վեհաժողովը Կը Դատապարտէ Հարաւչինական Ծովուն Մէջ Փեքինի Վարքագիծը

Յաջորդը

Նաքուրայի Եռակողմանի Ժողովին Քննարկուեցաւ Սահմանային Կապոյտ Գիծին Իրավիճակը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.