Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլանի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ իտալական Մոնցային մաս կազմող 24 տարեկան պրազիլցի յետսապահ Քարլոս Օկուսթօ միացաւ խումբին:
Օկուսթօ, որ տարուան մը համար փոխ տրուեցաւ միլանեան կազմին, նախորդ տարեշրջանին Մոնցայի հետ 37 մրցումի ընթացքին նշանակեց 6 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ:
Ֆութպոլիստին, որ մինչեւ յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Մոնցայի հետ, փոխանցման արժէքը, ըստ «Թրանսֆերմարքթ»-ի, կը գնահատուի 15 միլիոն եւրոյով:


