Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեկան Արեւածագը

August 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քանատայէն Հայաստան ճանապարհին աշխարհն ու արեւը տեսայ օդանաւի բարձրագոյն դիտանկիւնէն: Մեր թռիչքի ու ժամանած երկիրներու ժամերուն զուգադիպութեան շնորհիւ` չորս ժամուան մէջ թէ՛ մայրամուտ, թէ՛ արեւածագ տեսանք: Կարծես` կը հետեւէինք արեւին ուղղութեան ու զայն հետապնդելով` գրեթէ ամբողջ թռիչքին տեւողութեան մնացինք լոյսի մէջ: Առիթը ունեցայ աչքերովս տեսնելու, որ, թէեւ արեւը մար կը մտնէր մէկ շրջանի վրայ, ուրիշ շրջան մը կը լուսաւորուէր` իբրեւ արդիւնք: Որքան ալ արեւը շարժէր ու ժամանակը անցնէր, երկինքը միշտ գեղեցիկ էր այդ բարձունքէն: Կարծես` ամբողջական նկար մը ունէի երկրագունդի շարժումներուն: Հեռուէն` աշխարհը չէր մթնցած առյաւէտ, ոչ ալ որեւէ շրջան դատապարտուած էր յաւիտենական մթութեան: Այլ արեւը ժամանակաւոր կը թափառէր, որ համեմատութեամբ լուսաւորէ չորս կողմերն երկրագունդի, նոյնիսկ երբ պէտք էր լուսաւոր հողակոյտ մը մթննար` լոյսի կարօտով մնացած շրջանին սիրոյն: Սակայն այս բնութեան օրէնքին արդարութեան ջիղը կը գտնուի այն հասկացողութեան մէջ, որ արեւը միշտ ժամադրուած է դարձեալ ծագելու իր լքած հողին վրայ ու վերահաստատելու անոր լուսագեղ գեղեցկութիւնն ու արեւակարօտ կենցաղը:

Այնքան ատեն որ մեր հայրենիքը խաւարի ու տագնապի մէջ կը գտնուի, դժուար է պատկերացնել այն պայծառ առաւօտը, երբ կիզիչ արեւը վերջապէս պիտի ծագի մեր հայրենի հողերուն վրայ: Ու եթէ նոյնիսկ մենք եւ մեր երկիրը օդանաւին պէս հետապնդենք արեւը, տակաւին պիտի տեսնենք շրջաններ մթութեան ու պիտի ստիպուինք սպասել արեւի շողին: Սակայն, արեւածագը նախ մեր հոգւոյն մէջ երբ ընկալենք, իսկական արեւածագը այնքան հեռու չի թուիր: Կ՛ըսեն` աչքերը դարպասն են հոգւոյն: Այն պարագային, մեր հոգիները նախ լուսաւոր պահենք, ըլլանք լաւատես ու մշտական հետեւորդները պայծառամտութեան, որպէսզի վարակենք մեր ազգն ու հողը լուսաւոր ճառագայթներով:  Յարինք մեր կեանքի լոյսի աղբիւրներուն,  որպէսզի երբեք չարտօնենք ոեւէ խաւար կերպար ներխուժէ մեր կեանքերէն ու ապա մեր հայրենիքէն ներս:

Մթութեան մէջ նոյնիսկ ամենափոքր լոյսի նշոյլը գործածելով իբրեւ գալիք արեւածագին յոյսի փարոս` ինքնաբերաբար կեդրոնացած չենք մնար խաւարի ճնշիչ ազդեցութեան վրայ, ու մթութեան ժամանակաւոր ըլլալը կը շեշտուի: Այս ըմբռնումով, մեր մայր հայրենիքին համար ալ նկարենք յաւիտենական լուսաւոր կեանք մը մեր հոգիներէն ու միտքերէն ներս: Այլեւս թող չպարտադրուի հանդուրժելու երկարատեւ շրջաններ խաւարի տիրապետութեան տակ: Կ՛ըսենք պատրաստ ենք հայրենիքի համար ամէն միջոցի դիմելու, ուրեմն արեւածա՛գը կերտենք մեր մէջ:

 

 

Նախորդը

Փոխան Գրախօսականի. Վարազդատի (Վազգէն Էթիեմեզեան) «Շաբթուան Մտածումը»

Յաջորդը

Որո՞նք Են Մեր Ազգային-Հոգեւոր Հիմնական Արժէքները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.