ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 14.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 14.000 լ. ոսկիով, մազութը` 22.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են` 95 օքթան պենզինի թիթեղը` 1.790.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.828.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.657.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 890.000 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Արեւմտեան Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով օգնական Մետի Շոշթարին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի սեպտեմբերին պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա, ուր պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ ազգային երկխօսութեան յաջողութեան հաւանականութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ այս շաբաթավերջին վճռական ժողով մը պիտի գումարուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ «Թրենսօշըն պերընց» հորատման նաւուն թիւ 9 նաւթահոր հասնիլը Լիբանանը տնտեսական իր տագնապի խորքերէն փրկելու աւետիս մըն է:


