Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ նախագահեց Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, անցեալ շաբթուան միջադէպին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Այն Հելուէ գաղթակայանին զարգացումները:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մաուլաուի շեշտեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան բոլոր ուժերուն, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն առանցքային դերակատարութիւնը` պաշտպանելու Լիբանանին ապահովութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ իրականացնելու երկրին կայունութիւնը:
Մաուլաուի շնորհակալութիւն յայտնեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` անոնց իրագործած ջանքերուն համար` աւելցնելով, որ այդ ջանքերը անհրաժեշտ են պաշտպանելու համար երկիրն ու քաղաքացիները:
Մաուլաուի հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերը ամբողջական կերպով պատրաստ վիճակի մէջ պիտի ըլլան` քայլ պահելով լիբանանցիներուն պաշտպանութեան հետ:
Ան նշեց, որ վերջերս արձանագրուած ապահովական միջադէպերը հետաքննութեան ընթացքի մէջ են, եւ այդ հետաքննութիւնը կը կատարուի ապահովական կառոյցներուն կողմէ` դատական իշխանութեան հսկողութեամբ:
Մաուլաուի ընդգծեց, որ ոչինչ կը գերազանցէ օրէնքին եւ կանոններուն` աւելցնելով, որ դատական հոլովոյթը առողջ հոլովոյթ է, իսկ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը անհրաժեշտ է` ապահովութեան եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար:
Մաուլաուի նկատել տուաւ նաեւ, որ Այն Հելուէ գաղթակայանի զինեալ բախումներուն մասին բացուած հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է` յայտնելով, որ լիբանանեան բանակը, ապահովութեան ուժերն ու պաղեստինեան խմբաւորումներէ կազմուած յանձնախումբը կը հետեւին այդ հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ գաղթակայանին մէջ կացութիւնը հանդարտ պահելու ճիգերուն:
Մաուլաուի դիտել տուաւ, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ պաղեստինեան գաղթակայանները, յատկապէս Այն Հելուէն, վերածուին լիբանանեան որեւէ շրջանի ապահովութեան սպառնացող դարպասի մը:
Անդրադառնալով Այն Իպըլի ոճիրին` Մաուլաուի յայտնեց, որ դատական հետաքննութեան նախնական տուեալները ցոյց կու տան, թէ այդ ոճիրին ետին կուսակցական ենթահող չկայ:
Քահալէի միջադէպին առումով, Մաուլաուի ցաւ յայտնեց, որ ոմանք կ՛օգտագործեն այնպիսի եզրեր, յայտարարութիւններ ու դարձուածքներ, որոնք քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին կը հնչէին, եւ պէտք չէ դարձեալ հնչեն:
Այս առումով ան հաստատեց, որ Քահալէի մէջ կատարուած յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսին արտասանած ճառը կը մնայ ազգային համերաշխութեան իսկական եւ ամբողջական օրինակը, ինչպէս նաեւ ուսանելի դաս մը` ամրապնդելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Մաուլաուի կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ տեղեկատուական մարզին` կառչած մնալու Ապտել Սաթերի արտասանած քարոզին, եւ հետեւաբար իրենց բոլոր յայտարարութիւնները ծառայեցնելու ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան, ինչպէս նաեւ օրէնքի գործադրութեան ի խնդիր:
Մաուլաուի անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը մնայուն կերպով իրարու հետ գործակցին` աւելցնելով, որ իրենք իբրեւ նախարարութիւն նեցուկ պիտի կանգնին ապահովութեան բոլոր ուժերուն, այս դժուար կացութեան ընթացքին:
Ան շեշտեց, որ Քահալէի մէջ ապահովութեան ուժերը վարուեցան այնպիսի ձեւով մը, որ պաշտպանեն քաղաքացիները:


