Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ-ին Անհրաժեշտ Է Այնքան Աւելցնել Իր Ներկայութիւնը, Որ Համաձայնական Կառավարութիւններու Կարիք Չզգացուի» Կ՛Ըսէ Վահան Յովհաննիսեան

March 24, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վահան Յովհաննիսեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան երէկ ամփոփելով Ազգային ժողովի քառօրեայ նիստը` անդրադարձաւ «Արտակարգ դրութեան իրաւական կարգավիճակի մասին» օրէնքին, որ նախանցեալ օր ընդունուեցաւ երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումով: Ան ընդգծեց, որ օրինագիծը կասկածելի ձեւով քուէարկուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ:

Վահան Յովհաննիսեան վստահեցուց, որ այս օրէնքը կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ եւ լուրջ պարտութիւններ ստեղծել միջազգային մակարդակներուն վրայ:

Ան նշեց, որ ՀՅԴ լաւ կը գիտակցի, որ արտակարգ դրութեան ժամանակ պէտք է յատուկ ստորաբաժանումներ ունենալ: «Բայց բացատրեցինք, պահանջեցինք, որ այսպիսի ստորաբաժանում բանակը չըլլայ, մեզի չլսեցին եւ այդ պատասխանատուութիւնը դրուեցաւ բանակին վրայ, ինչ որ հակասահմանադրական է», ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ ՀՅԴ-ն որքանո՞վ կը ցանկայ իր աթոռները աւելցնել Ազգային ժողովին մէջ եւ արդեօք կարելի՞ է նոր համաձայնական կառավարութեան մը ձեւաւորում, Յովհաննիսեան նշեց, որ Դաշնակցութեան անհրաժեշտ է այնքան աւելցնել իր ներկայութիւնը, որ համաձայնական կառավարութիւններու կարիք չըլլայ:

Ըստ դաշնակցական գործիչին, հաւատքի մասին խօսիլը կը վկայէ այն մասին, որ իշխանութիւնները ուրիշ փաստարկ չունին ժողովուրդին համոզելու, որ իրենց օգտին քուէարկեն:

«Իմ լաւ բարեկամս` Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր մը շատ ճիշդ բնութագրեց հաւատքը իբրեւ բարոյական հանգամանք, ատիկա քաղաքական հանգամանք չէ: Մեր իշխանութիւնները այդ հանգամանքը մսխած են: Որեւէ իշխանութիւն ունի հաւատքի եւ վստահութեան պաշար եւ եթէ վատնեցիր ու մսխեցիր զայն ամէնէն անտաղանդ ձեւով, յետոյ որքան ալ ուզես, ինչ ալ ուզես գրաւ դնել` այդ պաշարը չես կրնար վերականգնել», նշեց դաշնակցական գործիչը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ համաձայնական կառավարութեան ուժերու նախընտրական կարգախօսներուն մէջ «հաւատք» բառը տիրական է:

Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ իշխանութիւնները ուշացումով հասկցած են, որ իրենց չեն հաւատար:

Նախորդը

«ՀՅԴ-ն Պիտի Համագործակցի Իր Գաղափարակիցներուն Հետ» Կ՛Ըսէ Արտաշէս Շահբազեան

Յաջորդը

ԱԿՆԱՐԿ. Թիւեր Եւ Մրցակցային Պատկերներ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։