Մարատա հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի իրաւաբաններուն հետ, որոնք Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքային մաս կը կազմեն:
Այս առիթով ան շեշտեց, որ երկիրը կարելի չէ իր դիմագրաւած իրերայաջորդ տագնապներէն փրկել` առանց արագացնելու հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի սահմանադրական կեանքը վերակազմաւորել եւ հեղինակութիւնը ապահովութեան ուժերուն վերադարձնել` քաղաքացին աւելի ապահով եւ ինքնավստահ զգացնելով:
Թոնի Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ իրենք այսօր` աւելի քան երբեք կառչած կը մնան Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան պայքարը պիտի մղեն մինչեւ վերջ` առանց անձնատուր ըլլալու:
Ֆրենժիէ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը, յատկապէս վերջինը` Քահալէի զինեալ միջադէպը:
Ան կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն որդեգրելու պէտք եղած դասաւորումները` բացայայտելու համար ճշմարտութիւնը եւ փակելու համար դռները անոնց դիմաց, որոնք կը փափաքին այդ միջադէպը օգտագործել եւ իր իսկական բովանդակութենէն դուրս բերելով զայն ներդրել այլ շահերու համար:


