Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան տեղեկատուական գրասենեակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն նշուեցաւ, որ 1 օգոստոս 2023-ին հրապարակուած թիւ 11767 հրամանագիրի գործադրութեան շրջագիծին մէջ ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը յայտարարէ, թէ լիբանանեան անցագիրներուն համար ճշդուած են նոր սակեր:
Հետեւաբար 5 տարուան տեւողութեամբ լիբանանեան անցագիրի սակն է 6 միլիոն լ. ոսկի, 10 տարուան տեւողութեամբ լիբանանեան անցագիրի սակը` 10 միլիոն լ. ոսկի:


