Իտալական Ինթեր Միլան ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ տարեշրջանի մը համար փոխ առաւ Սամտորիայի բերդապահ Էմիլ Օտերոն:
26 տարեկան Օտերօ, որ Եուվենթուսի սան է, Սամտորիային միացած էր 2018-ին:
Ան իր կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ ընդամէնը 169 մրցումի:
Նշենք, որ փորձառու բերդապահը մաս կազմած է նաեւ Իտալիոյ պատանեկան եւ երիտասարդական ազգային խումբերուն:


