Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ դիմած է Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կապրիէլիուս Լանտսպերկիսին` անոր առաջարկելով «Հայաստանը յորդորել աւելի կառուցողական մօտեցում ցուցաբերել խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ»:
Հաճիզատէ Լանտսպերկիսին կոչ ուղղած է «հայկական քարոզչութեան չենթարկուելու»` պնդելով, որ «Լաչինի ճամբան վերջին երեք տարիներուն Հայաստանի կողմէ չարաշահուած է: Ցաւօք, այդ ընթացքին Լիթուանիան լռած էր»:
Հաճիզատէ աւելցուցած է. «Հայաստանի չարամիտ գործողութիւնները կասեցնելու համար Ազրպէյճանը Լաչինի ճամբուն սահմանային անցակէտ տեղակայած է եւ առաջարկած է օգտագործել Աղտամ-Խանքենդի (Ստեփանակերտ, «Ա.») ճամբան` Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջան ապրանքներ մատակարարելու համար»:
«Ազրպէյճան կը դիւրացնէ մարդոց Լաչինի ճամբով երկու ուղղութիւններով տեղաշարժը», պնդած է Հաճիզատէ:
Կապրիէլիուս Լանտսպերկիս 9 օգոստոսին «Էքս»-ի վրայ գրած էր, որ հարցը քննարկած է հայաստանցի պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ եւ Պաքուն յորդորած «ապահովել Լաչինի ճամբով անարգել երթեւեկը»:


