Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը շնորհաւորական նամակ յղած է Դաւիթ Իշխանեանին` Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ ընտրուելու առիթով:
Շնորհաւորական նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
«Նորին Վսեմութիւն
Տիար Դաւիթ Իշխանեան
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Ազգային Ժողովի Նախագահ
Ստեփանակերտ
Յարգարժա՛ն պրն Նախագահ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Նախագահի պաշտօնին Ձեր ընտրութեան առիթով խնդրեմ ընդունեցէք իմ ու կիպրահայութեան անունով ջերմագոյն շնորհաւորութիւններս ու յաջողութեան մաղթանքներս:
Յոյսով եմ, որ յաջորդող տարիները Լեռնային Ղարաբաղին ու համայն հայութեան համար կ՛ըլլան անկիւնադարձային ու արդիւնաւէտ, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ քաղաքական առումներով:
Կը հաւատամ նաեւ, թէ միասնաբար ու յամառ աշխատանքով, պիտի կարենանք յաղթահարել սահմանափակումներու հետեւանքով ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը եւ մարտահրաւէրներու շարքը, կերտելու համար փայլուն, խոստումնալից եւ յուսադրիչ ապագայ մը յաջորդող սերունդներուն համար:
Անկեղծ բարեմաղթութիւններով`
ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ
Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ»


