Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետը, որուն հետ քննարկեց Այն Հելուէի իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը եւ Լիբանանի մէջ Ֆաթհի ընդհանուր քարտուղար Ֆաթհի Ապուլ Արտաթը:
Հանդիպումէն ետք Ահմետ հաստատեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է լիբանանեան-պաղեստինեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական-պաղեստինեան կեցուածքը իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ սպառնալիքներուն դէմ հզօրացնելու հեռանկարները:
Ազզամ Ահմետ յայտնեց, որ իր այցելութիւնը կատարած է Այն Հելուէի գաղթակայանին մէջ ահաբեկիչներու կողմէ գործուած անարգ ոճիրէն անմիջապէս ետք:
Ահմետ յայտնեց, որ ահաբեկչական այդ խմբաւորումները, որոնք նոյնիսկ իսլամականութեան անունը իրաւունք չունին կրելու, մտածած են, թէ Ֆաթհ շարժումի դերգնդապետ, Ազգային անվտանգութեան պատասխանատու Ապու Աշրաֆ Արմուշիի դէմ գործելիք իրենց անարգ ոճիրով պիտի կարենան քաոս ստեղծել, սակայն անոնք ձախողեցան:
Ահմետ յայտնեց, որ ինք Այն Հելուէի զինեալ բախումներուն առաջին իսկ օրէն խորհրդակցած է Պըրրիի հետ, որ ամէն ջանք ի գործ դրած է կասեցնելու համար այդ բախումները եւ վերահաստատելու ապահովական կայունութիւնը:
Ահմետ շեշտեց, որ Արմուշիի սպանութեան հետաքննութիւնը կը կատարուի լիբանանեան-պաղեստինեան միացեալ յանձնախումբի մը կողմէ` աւելցնելով, որ իրենց փափաքն է բացայայտել ճշմարտութիւնը:
«Կը փափաքինք, որ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները հաշուետուութեան ենթարկեն բոլոր օրինազանցները, որոնք սպաննեցին Արմուշին, քանդեցին ու մարդկային վնասներ պատճառեցին գաղթակայանին եւ պատճառ դարձան, որ գաղթակայանին բնակիչները տեղահանուին», ըսաւ ան:
Ահմետ ընդգծեց, որ Պըրրիի հետ համաձայն գտնուած են, որ հետաքննութիւնը կարելի եղածին չափ արագ աւարտի, եւ յանցագործները յանձնուին Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն:
«Մի՛ զարմանաք իմ յայտարարութիւններէս, երբ ըսեմ, թէ այս բախումներուն մաս կազմած պաղեստինցիներուն թիւը քիչ է, որովհետեւ այդ բախումները այլ խմբաւորումներու միջեւ արձանագրուած են, իսկ պաղեստինցիները եղած են հանդարտեցնող եւ կայունութիւնը վերահաստատելու ճիգ թափողները», յայտնեց ան:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ժամահա իսլամիէի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ալի Ապու Եասինը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Իմատ Հութի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական զարգացումներն ու օրէնսդրական հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Ապու Եասին հաստատեց, որ Ժամահա իսլամիէն անհրաժեշտ կը նկատէ ազգային երկխօսութեան ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը վերաշխուժացնել:
Ապու Եասին ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է պաշտպանել Լիբանանի սահմանադրութիւնը եւ Թաէֆի գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ մերժել բոլոր համաձայնութիւնները, որոնք կը խախտեն սահմանադրութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ ան ըսաւ, որ ելեւմտական իմաստով ստեղծուելիք ապակեդրոնացեալ դրութիւն մը ստեղծել կը նշանակէ երկիրը բաժնել:
Նշենք, որ Պըրրի հեռագիր մը ստացաւ քուէյթցի իր պաշտօնակից Ահմետ Ապտել Ազիզ Սաատունէն:


