Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Համաձայնութեան Յանգած Ենք` Սուրիացի Տեղահանուածներուն Մասին Տուեալներուն Գծով»

August 10, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, հանդիպելէ ետք տեղահանուածներու հարցով ՄԱԿ-ի յանձնակատարի եւ օրինական հարցերու բաժանմունքի նախագահ Լանս Բարթողիմէոսի եւ այլ պատասխանատուներու, յայտնեց, որ համաձայնութեան յանգած են Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն մասին տուեալները լիբանանեան պետութեան յանձնելու գծով:

Պու Հապիպ յայտնեց, որ այս համաձայնութիւնը արդիւնք է շուրջ մէկ տարուան աշխատանքի, որուն սկիզբը դրուեցաւ, երբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ տեղահանուածներու հարցով ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ լիբանանեան կողմի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ համագործակցութիւնը բարելաւելու մասին:

Պու Հապիպ յայտնեց, որ իր հողերուն վրայ գտնուող տեղահանուածներուն մասին տեղեկութիւններ ստանալը Լիբանանի գերիշխանական իրաւունքն է` աւելցնելով, որ այդ համաձայնութիւնը կը ծառայէ ե՛ւ ՄԱԿ-ի, ե՛ւ լիբանանեան շահերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու շահերուն` նկատի ունենալով այդ երկիրներէն օգտուող նպաստընկալներուն կողմէ յաւելեալ չարաշահումը` այլ կարիքաւորներու իրաւունքը եւս խլելու իմաստով:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ այս համաձայնութեան կարելի պիտի չըլլար յանգիլ, եթէ լիբանանեան պատուիրակութիւնն ու ՄԱԿ-ի պաշտօնակատարները ճիգեր ի գործ դրած չըլլային:

Իր կարգին, Բարթողիմէոս յայտնեց, որ տեղահանուածներու հարցով ՄԱԿ-ի յանձնակատարի գրասենեակը լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի կառավարութեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ սուրիացի տեղահանուածներուն  տրամադրած օժանդակութիւններուն համար:

Ան շեշտեց, որ երկկողմանի հեզասահ գործակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ յանգիլ համաձայնութեան մը, որ կը համապատասխանէ տեղահանուածներուն վերաբերող տուեալները պահպանելու միջազգային չափանիշներուն:

Բարթողիմէոս նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի կողմէ իրեն տրամադրուած տուեալները չծառայեցնելու այնպիսի նպատակներու, որոնք կը հակադրուին միջազգային օրէնքին հետ:

Ան հաստատեց, որ ՄԱԿ նախանձախնդիր ու պատրաստ կը մնայ Լիբանանի հետ գործակցութիւնը շարունակելու:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ. Ընկերային Ապահովութեան Ազգային Ռազմավարութեան Գործադրութեան Նախարարական Նիստ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.