Շաբաթ, 5 օգոստոսին, Գիւմրիի Շիրակի քաղաքային մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերուն բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Բացման շքերթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ 8 ամիս շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի պատուիրակութիւնը:
Ստեփանակերտի մարզիկները պիտի մասնակցին 6 մարզաձեւերու:
Միջոցառման ներկայ եղան Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեան, քաղաքական անձնաւորութիւններ, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու անդամներ, պաշտօնատարներ եւ այլ անձեր:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան նշեց, որ Համահայկական խաղերը այս 25 տարիներուն ընթացքին դարձան միասնութեան, եղբայրութեան, սիրոյ եւ համերաշխութեան իսկական պատգամներ` այսօրուան եւ գալիք սերունդներուն համար:
Յատկանշական եղաւ այն, որ այս խաղերուն առաջին անգամ ըլլալով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Չիլիի, Շուէտի, Սէուտական Արաբիոյ, Ղազախստանի, Հնդկաստանի, Յորդանանի եւ Էսթոնիոյ հայրենակիցները:
Խաղերուն ջահը վառեց յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, ողիմպիական խաղերու ոսկիէ, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի քառակի եւ Եւրոպայի վեցակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան:
Մինչ այդ, Համահայկական խաղերու դրօշը մարզադաշտ բերին ողիմպիական ախոյեաններ Իսրայէլ Միլիտոսեան, կրկնակի ողիմպիական ախոյեան Արմէն Նազարեան, Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւթեան, Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Բաչքով, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Նազիկ Աւդալեան եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան:
«Միասնութիւն մարմնամարզով» կարգախօսով տեղի ունեցող Համահայկական խաղերուն կը մասնակցին 41 երկիրներու 181 քաղաքներու շուրջ եօթը հազար մարզիկներ:
Նշենք, որ 19 մարզաձեւերուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով նկատի առնուած է նաեւ աղջկանց ֆութպոլը:
Համահայկական խաղերուն հովանաւորներն են «Ֆասթ Պանք»-ն ու «Ֆասթ Շիֆթ»-ը:



